Աբխազիոյ նախագահ Պատրա Կունպայի ստորագրած հրամանագրով փոխվարչապետ նշանակուած է Վարազդատ Մինոսեան։ Լուրը հաղորդած է նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը։
Մինոսեանի կողքին նշանակուած են նաեւ չորս այլ փոխվարչապետեր։
Նշենք, որ հայ գործարարը մօտիկ անցեալին եղած է Աբխազիոյ Հանրային ժողովի (խորհրդարան) անդամ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի փոխնախագահ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։