Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 7-ին ընդունած է զուիցերահայ գործարար եւ բարերար Վահէ Կապրաշը։
Զրուցակիցները անդրադարձած են վերջերս Գիւմրիի մէջ բացուած Հայ—զուիցերական հիւրընկալութեան ակադեմիայի (SAAH) գործունէութեան։
Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է ակադեմիայի կարեւորութիւնը Հայաստանի կրթական եւ զբօսաշրջային ոլորտներու զարգացման մէջ՝ նշելով, որ ան կարելիութիւն կ՚ընձեռէ երիտասարդներու եւ մասնագէտներու ստանալու միջազգային որակի մասնագիտական կրթութիւն՝ առանց երկիրը լքելու։
SAAH-ը հիմնուած է աշխարհի առաջատար հիւրընկալութեան կառավարման կրթական հաստատութեան՝ Լօզանի հիւրընկալութեան դպրոցին հետ համագործակցաբար։
Հանդիպման քննարկուած են Վահէ Կապրաշի կողմէ Հայաստանի մէջ իրագործուող տնտեսական ծրագրերու ընթացքին առնչուող հարցեր։
Վարչապետը բարձր գնահատած է ներդրումային ծրագրերը, որոնք կը նպաստեն երկրի զարգացման, նոր աշխատատեղերու ստեղծման եւ միջազգային գործարարական կապերու ընդլայնման։ Փաշինեան ընդգծած է Կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու աշխուժ համագործակցութիւնը սեփական հատուածի ներկայացուցիչներուն հետ։