Ապրիլ 24-ի առաւօտեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Մեծ եղեռնի 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին:
Նիկոլ Փաշինեան ծաղիկներ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:
Այնուհետեւ վարչապետը երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր բացուած է «Փաստագրելով ոճրագործութիւնը. Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողները» խորագրեալ առժամեայ ցուցադրութիւնը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։