Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 29-ին, Սթրազպուրկի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած կարճ զրոյցին այն համոզումը յայտնած է, որ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժողովուրդը պիտի երկարաձգէ ներկայի իշխանութիւններուն տուած կառավարման լիազօրագիրը:
“Ես մեծ համոզմունք ունեմ, որ 2026թ խորհրդարանական ընտրութիւններում ժողովուրդը Հայաստանի կառավարման՝ մեզ տուած մանդատը երկարացնելու է: Որովհետեւ մեր վարած «Խաղաղութեան օրակարգի» քաղաքականութեան հեղինակը ժողովուրդն է”,– ըսած է Փաշինեան:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։