Վարչապետը Տաճիկստանի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ-ի ղեկավարներու յաջորդական վեհաժողովին

Վարչապետ Փաշինեան հոկտեմբեր 9-10 աշխատանքային այցով մեկնած է Տաճիկստան:

Հայաստանի վարչապետը Տուշանպէի մէջ մասնակցած է Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի յաջորդական նիստին:

Նախքան խորհուրդի նիստը, ան առանձին հանդիպում մը  ունեցած է Տաճիկստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի հետ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն զարկ տալու միտող հետագայ քայլերու շուրջ:

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումով ստեղծուած կարելիություններուն եւ տարածաշրջանին մէջ համագործակցութեան մթնոլորտի ամրապնդման, TRIPP ծրագրի եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի իրագործման:

Տաճիկստանի նախագահը ողջունած է խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը եւ յայտնած իր երկրի աջակցութիւնը ՀայաստանԱզերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ:

Փաշինեան Տուշանպէի վեհաժողովին՝ խաղաղութեան ուղերձով

Այնուհետեւ, վարչապետը մասնակցած է ԱՊՀի ղեկավարներու վեհաժողովին, ուր իր ելոյթը ամբողջովին նուիրած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան նշանակութեան։

Իր խօսքին մէջ, վարչապետը շեշտած է, որ երկար տարիներ տեւած հակամարտութենէն ետք, խաղաղութեան հաստատման հիմնաքարը հանդիսացած է ԱՊՀի իսկ հիմնադիր փաստաթուղթը՝ 1991 թուականի ԱլմաԱթայի հռչակագիրը։

Ապա, Փաշինեան ներկայացուցած է Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան սկզբունքները։

Ելոյթի աւարտին, վարչապետը խաղաղութեան հաստատման առիթով շնորհաւորած է ոչ միայն հայ եւ ազերպայճանցի ժողովուրդները, այլ նաեւ ԱՊՀի բոլոր անդամ պետութիւնները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով այս ընթացքին իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար։