Յուլիս 31-ին, վարչապետի մամլոյ բանբեր Նազելի Բաղդասարեան Դիմագիրքի իր էջին գրած է, թէ ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիունը, իրաւազօրութիւնը, անշուշտ, կարելի չէ արտապատուիրակել, իսկ երկաթուղիի, խողովակաշարի, ելեկտրահաղորդման գիծերու գործարար-կառավարումը՝ կարելի է։
«Ի դէպ, կառուղիներու սպասարկումը, կառավարումը Հայաստանի մէջ այսօր ու միշտ ալ կ՚արտապատուիրակուի մասնաւոր ընկերութիւններու»,– գրած է Բաղդասարեան՝ ըսելով, թէ հայաստանեան լրասփիւռներու մէջ որոշ շփոթ կայ տարածաշրջանի երթեւեկութեան կապուղիներու ապաշրջափակման նիւթին շուրջ Հայաստանի կեցուածքին մասին. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք չէ քննարկած, չի քննարկեր եւ պիտի չքննարկէ սեփական տարածքով անցնող երթեւեկութեան կապուղիներու այնպիսի տարբերակներ, որոնք անհամատեղելի են ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան հետ։ Եւ, ընդհակառակն, տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան շրջանակին մէջ Հայաստան ոչ միայն կը քննարկէ տարածաշրջանի երթեւեկութեան կապուղիներու շահագործման տարբեր բանաձեւեր, այլեւ շահագրգռուած է բանաձեւերէն որեւէ մէկուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելով»,– աւելցուցած է վարչապետի մամլոյ բանբերը իր Դիմագիրքեան գրառման մէջ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։