Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, կնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, Մայիս 31-ին ժամանած է Մոլտովա:
Վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էդմոն Մարուքեան:
Ան Յունիս 1-ին կը մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի երկրորդ համաժողովին: Մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ նախատեսուած է հնգակողմ հանդիպում՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ:










