Սեպտեմբեր 3-ին, Չինաստանէն ետք աշխատանքային այցով Ճափոն ժամանած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Յաջորդ օրը ան Թոքիոյի մէջ հանդիպում ունեցած է Ճափոնի վարչապետ Շիկերու Իշիպայի հետ։ Վերջինս ընդգծած է, թէ իր երկիրը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի հետ բարեկամական կապերու ամրապնդումը եւ միասնական նախաձեռնութիւններու իրականացումը տարբեր բնագաւառներու մէջ։ Միեւնոյն ատեն ան ողջունած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ համաձայնութիւնը՝ յուսալով, որ տարածաշրջանին մէջ կ՚ապահովուի մնայուն ու կայուն խաղաղութիւն:
Իր կարգին, վարչապետ Փաշինեան շեշտած է, թէ Հայաստան պատրաստ է նոր թափ հաղորդելու երկու երկիրներու համագործակցութեան՝ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ յատկապէս տնտեսական ոլորտին մէջ։ Այս առումով Հայաստանի վարչապետը յոյս յայտնած է, թէ նախատեսուող երկկողմ գործարար համաժողովը իրապէս պիտի նպաստէ առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնումին։
Նշենք, թէ Սեպտեմբեր 5-ին, Օսաքայի մէջ վարչապետը կը մասնակցի «Էքսփօ 2025» միջազգային ցուցահանդէսի շրջանակին մէջ կազմակերպուած Հայաստանի ազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։