Վարչապետ Փաշինեան հրապարակած է հռչակագրին բնագիրը

Ստորեւ, Օգոստոս 8-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Հայաստանի, Ազերպայճանի եւ ԱՄՆ-ու ստորագրած՝ Խաղաղութեան համաձայնագրի մտադրութեան մասին հռչակագրին բնագիրը.

«Մենք՝ Ազերպայճանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, 2025 թուականի Օգոստոս 8–ին հանդիպելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, կը հռչակենք հետեւեալը․

1․ Մենք եւ ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ականատես եղանք Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի համաձայնութեան արժանացած բնագրին նախնական ստորագրութեան՝ մեր Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարներուն կողմէ։ Ըստ այդմ, մենք ընդունեցինք Համաձայնագրին ստորագրութեան եւ վերջնական վաւերացման հասնելու ուղղութեամբ հետագայ գործողութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեցինք մեր երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պահպանման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը։

2․ Մենք ականատես եղանք նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ԱԳ նախարարներուն կողմէ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ուղղուած՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործընթացին եւ կից կառուցակարգերուն լուծման մասին համատեղ դիմումի ստորագրութեան։ Մենք կոչ կ՚ընենք ԵԱՀԿ բոլոր մասնակից պետութիւններուն, որ ընդունին այս որոշումը։

3․ Մենք վերահաստատեցինք ներպետական, երկկողմանի եւ միջազգային փոխադրութիւններուն համար երկու երկիրներու միջեւ հաղորդակցութիւններու բացման կարեւորութիւնը՝ հիմնուած պետութիւններու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան յարգանքի վրայ, տարածաշրջանին մէջ ու անոր դրացնութեամբ խաղաղութիւնը, կայունութիւնն ու բարգաւաճումը խթանելու նպատակով։ Այս ջանքերը կը ներառեն Ազերպայճանի Հանրապետութեան հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով անխոչընդոտ հաղորդակցութիւնը, Հայաստանի համար միջազգային ու ներպետական հաղորդակցութեան փոխադարձ առաւելութիւններով։

4․ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի աշխատի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ փոխադարձաբար համաձայնութեան արժանացած երրորդ կողմերուն հետ՝ Հայաստանի տարածքին մէջ «Թրամփի ուղի՝ միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար» («Trump Route for International Peace and Prosperity» — TRIPP) հաղորդակցութեան ծրագրին իրականացման շրջանակը սահմանելու նպատակով։ Մենք կը հաստատենք մեր վճռականութիւնը՝ բարեխղճօրէն ձեռնարկելու բոլոր միջոցներուն՝ սոյն նպատակին կարելիին չափ արագ կերպով հասնելու համար։

5․ Մենք կ՚ընդունինք անցեալի հակամարտութեամբ չկանխորոշուած, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կանոնադրութեան ու 1991 թուականի Ալմաթիի հռչակագրին համապատասխան պայծառ ապագայի ուղի նախանշելու անհրաժեշտութիւնը։ Մարդկային անասելի տառապանքներ պատճառած հակամարտութենէն ետք, մեր ժողովուրդներուն համար ստեղծուած են ի վերջոյ բարիդրացիական յարաբերութիւններ սկսելու պայմաններ՝ հիմնուած միջազգային սահմաններու անքակտելիութեան եւ տարածքներ ձեռք ձգելու նպատակով ուժի գործածման անթոյլատրելիութեան սկզբունքներուն վրայ։ Այս իրողութիւնը, որ ենթակայ չէ եւ երբեք պէտք չէ ենթակայ ըլլայ վերանայման, ճանապարհ կը հարթէ մեր երկու ժողովուրդներու միջեւ թշնամանքի էջը փակելու համար։ Մենք վճռականօրէն կը մերժենք եւ կը բացառենք վրէժխնդրութեան որեւէ փորձ ներկայիս եւ ապագային։

6․ Մենք կ՚արտայայտենք մեր համոզումը, որ այս վեհաժողովը ամուր հիմք պիտի հանդիսանայ փոխադարձ յարգանքի եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար։

7․ Մենք խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփին այս կարեւոր վեհաժողովը հիւրընկալելուն եւ ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ իր նշանակալի ներդրման համար»։

Խմբագրական