Վարչապետ Փաշինեան Մոսկուա մեկնած է մասնակցելու «Համաշխարհային հիւլէական շաբաթ» համաժողովին

Վարչա­պետ Փա­շինեան Սեպ­տեմբեր 25-ին աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցով մեկ­նած է Ռու­սաստան:

Ան մաս­նակցած է նոյն օրը իր աշ­խա­տանքնե­րը սկսած «Հա­մաշ­խարհա­յին հիւ­լէական շա­բաթ» խո­րագ­րով հա­մաժո­ղովին, որու ըն­թացքին յայ­տա­րարած է, թէ Հա­յաս­տան որո­շած է կրկին եր­կա­րաձ­գել հիւ­լէական շա­հագործման պայ­մա­նաժա­մը մին­չեւ 2036։

Վարչապետը նշած է, որ երկրին մէջ ար­տադրուող ելեկտրա­կանու­թեան շուրջ 30%-ը կու գայ հիւ­լէակա­յանէն։

*  *  *

Փա­շինեանի ժա­մանած օրը Ռու­սաստա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նատան մօտ բո­ղոքի ցոյց մը տե­ղի ու­նե­ցած է։

Քա­նի մը տաս­նեակ ցու­ցա­րար­ներ պա­հան­ջած են ազատ ար­ձա­կել Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ ար­քե­պիս­կո­պոս­ներ Բագ­րատ Գալստա­նեանն ու Մի­քայէլ Աջա­պահեանը։

Ցոյ­ցին անդրա­դար­ձած են նաեւ ռու­սա­կան որոշ թե­լեկ­րա­մեան ալիք­ներ՝ առանց ման­րա­մաս­նե­լու, թէ ո՞վ է ցոյ­ցը կազ­մա­կերպողը։