Մարտ 20-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ այաթոլլահ Սեյետ Ալի Խամենէիին եւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանին՝ Նովրուզի առիթով:
Վարչապետի ուղերձներուն մէջ յատկապէս նշուած է.
«Սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Իրանի եղբայրական ժողովուրդը իրանական ամանորի՝ Նովրուզի առիթով: Իրանի ժողովուրդին կողմէ սիրելի այս տօնը, որ հիմնուած է բազմադարեան մշակութային աւանդութիւններու վրայ, կը խորհրդանշէ նոր սկիզբ եւ զարթօնք:
Մեր երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած ամուր բարեկամական յարաբերութիւնները կը շարունակեն հանդիսանալ այն հիմքը, որուն վրայ կը զարգանայ եւ օրէ-օր կ՚ընդլայնուի Հայաստանի եւ Իրանի Հանրապետութեանց միջեւ բազմաոլորտ եւ փոխշահաւէտ գործակցութիւնը:
Թող այս տօնը ձեզի բերէ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Իրանի եղբայրական ժողովուրդին՝ բարեկեցութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։