Վենետիկի «Պո-Արաքս» մշակութային ընկերակցութիւնը նշեց Ամառնային խտացեալ դասընթացքին հիմնադրութեան քառասնամեակը

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Այս ծրագիրը, որ ժամանակի հոլովոյթին եղած է արեւմտահայերէնի համար, համալսարանական մակարդակով, Եւրոպայի առաջին խտացեալ դասընթացքներէն մէկը, ծնունդ առած է Հ․ Լեւոն Զէքիեանի նախաձեռնութեամբ Վենետիկի Քա Ֆոսկարի Համալսարանին մէջ 1986-ին, յետ երկամեայ փորձի շրջանի մը Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, որու տնօրէնութիւնը կը վարէր Հ․ Լեւոն (1982-1985)։ 2016-էն սկսեալ Դասընթացքը տեղափոխուած է Վենետիկի պատրիարքարանի «Մարչանում» հիմնարկին կից։

Պո-Արաքս Ընկերակցութեան բարձրագոյն նպատակը եղած է եւ կը մնայ հայերէնի՝ յատկապէս արեւմտահայերէնի, հայ մշակոյթի ու պատմութեան աւանդական գանձերը սերմանել եւ փոխանցել նոր սերունդներուն, միաժամանակ ծառայելով հայ ինքնութեան պահպանման ու ամրապնդման։ Դասընթացքներուն մասնակցած են ոչ միայն աշխարհի տարբեր վայրերէ ժամանած հայ երիտասարդներ, այլեւ օտարազգի մտաւորականներ, որոնք փափաքած են խորացնել իրենց գիտելիքն ու ընկալումը հայ լեզուի, գրականութեան եւ մշակոյթի։

2025 Օգոստոսի յոբելինական դասընթացքին մասնակցեցան երեսուն ուսանողներ՝ ներկայացնելով տասնհինգ երկիրներ։ Քառասնամեակի տօնախմբութիւններուն յատուկ շուք ու ջերմութիւն տուաւ ներկայութիւնը այն նախկին դասախօսներու եւ ընթացորդներու, որոնք տարիներու ընթացքին մասնակցած էին այս դասընթացքին եւ այժմ՝ վերյիշելով իրենց ապրած գեղեցիկ յուշերը, նորոգ զօրաշարժով միացան յոբելինական ծրագրին։

Վերջին տասնամեակին Դասընթացքը կազմակերպուած է Վենետիկի պատրիարքարանի «Studium Generale Marcianum» հիմնարկին հետ սերտ գործակցութեամբ՝ Վենետիկի Պատրիարքական դպրեվանքի շքեղ պալատին պատմական կամարներուն ներքոյ։

Տարիներու ընթացքին Դասընթացքը հիւրընկալած է հմուտ եւ քաջավարժ դասախօսներ․ վերջին տարիներուն դասախօսական հիմնական կազմը մնացած է գրեթէ անփոփոխ։ Այս վերջին շրջանի մշտական սիւներէն են՝ Րաֆֆի Սէթեան (ԱՄՆ), Ռոզին Թաշճեան (Ֆրանսա), Արծուի Բախչինեան (Հայաստան), Տորք Դալալեան (Հայաստան), Սօսի Սուսանեան (Հունգարիա), Թամար Մանկասարեան (Թուրքիա), Ճեսի Արլէն (ԱՄՆ), Բենեդետտա Քոնթին՝ որ այս տարի չէր կրցած մասնակցիլ։ Դուդուկի վարպետ Արամ Իփէքճեան (Իտալիա-Աւստրիա) տարիներէ ի վեր իր թանկագին նպաստը կը բերէ դուդուկի արտադասարանային ուսուցմամբ։ Ցաւով կը յիշենք 2020 Փետրուարին անկանկալօրէն պսակաժահրի զոհ դարձած Պարէտ Մանօքը, որ 1987-էն մինեւ 2019 անընդմէջ բերած էր Դասընթացքին իր յոյժ թանկագին ուսուցողական նպաստը։ Դասընթացքի պատմութիւնը ամփոփող «Յուշամատեան»-ներու վեց հատորները մանրամասնօրէն կ՚արձանագրեն թէ՛ ուսուցչական կազմի, թէ՛ վարչական գործակիցներու եւ թէ մասնակցող ուսանողութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։ Այս տարի կազմակերպչական հսկողութիւնն ու գրենավարչութիւնը ապահովուած էին Ընկերակցութեան նուիրեալ քարտուղարութեան կողմէ՝ Դարիա Պաուլունի հոգածու գլխաւորութեամբ։ 

Ծրագիրը բաղկացած է չորս մակարդակներէ։ Առաջին երեք մակարդակները լեզուի դասարաններ են, իսկ չորրորդ մակարդակը նախատեսուած է հայերէնին որպէս մայրենի տիրապետողներու եւ Հայոց լեզուի ուսուցիչներու մասնագիտական զարգացումն ապահովելու համար։ Այս մակարդակը կը նպատակադրէ ո՛չ միայն լեզուական հմտութիւններու բարելաւումը, այլեւ առ հասարակ հայագիտական գիտելիքներու խորացումը։

Յոբելինական տարուան ձեռնարկները նուիրուած էին Դասընթացքին քառասնամեայ պատմական հոլովոյթին։ Այս յատուկ առիթով հրաւիրուած էր՝ 1986-ին Դասընթացքի առաջին տարուան ուսանողներէն հոլանտացի պատմաբան եւ հայագէտ, Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ՝ Պրոֆ․ Թէո Մարթէն Ֆան Լինթը։ Անոր մասնակցութիւնը ունի խորհրդանշական արժէք։ Այս դասընթացքին իր մասնակցութիւնը եղած էր այն վճռական խթանը՝ որ մղած էր զինք դէպի հայագիտութիւն,  դէպի հայերէն լեզուի եւ Հայ մշակոյթի գիտական ուսումնասիրութեան ճանապարհը։ Այսօր Պրոֆ․ Ֆան Լինթ ոչ միայն կատարեալ կը տիրապետէ հայերէնին, այլեւ իր բազմաբեղուն հետազօտական գործունէութեամբ արդէն իսկ կարեւորագոյն դէմքերէն մէկն է միջազգային հայագիտութեան։

Երկրորդ հիւր դասախօսը հայրենիքէն էր՝ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր՝ Սուրէն Դանիէլեան։ Դասախօսութեան ընթացքին ան մանրամասն կերպով ու գիտական կշիռով ներկայացուց իր երեք տասնամեակներու հետազօտական եւ գործնական փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ հոլովոյթին մէջ ի յայտ եկած դժուարութիւններն ու խոչընդոտները։ Կանգ առաւ յատկապէս արեւմտահայ մշակոյթին եւ լեզուին ճգնաժամային կացութեան վրայ, հաստատուած նաեւ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի տուեալներով․ շեշտեց այս իրադրութեան անբաւարար գիտակցումը մերս ղեկավար մարմիններու կողմէ, ինչպէս եւ հակադիր ուղղութեամբ ջանքերուն անբաւարարութիւնը՝ ներառեալ Հայաստանի իրավիճակը։

Երկու ձեռնարկներուն ալ Մաէստրոյ Արամ Իփէքճեան դոդուկի հայկական մեղեդիներու կատարումներ ձօնեց։  

Դասընթացքի շրջագրին մէջ կազմակերպուեցաւ դասախօսութիւններու շարք մը, որոնք ուղղուած էին արեւմտահայ լեզուի ու մշակոյթի եւ հայ ինքնութեան փոխյարաբերութիւններուն գիտական քննարկմանը։ Երկու դասախօսութիւն կատարեց Հ․ Լեւոն Զէքիեան, մէկը՝ Դասընթացքի քառասնամեայ երթուղիին հետքերով, երկրորդը՝ արեւմտահայ մշակոյթի ու ազգային ինքնութեան յարափոփոխ համատեքստերու մասին դիտարկումներով։ Դասախօսեց նաեւ Դասընթացքի բարձրագոյն մակարդակի մասնակցողներէն, Երեւանի Պետական Համալսարանի դասախօս Պրոֆ․ Ջոնսոն Աղաբաբայեան, նիւթ ունենալով «յուզական իմացականութիւն»ը (Emotional Intelligence). 

Դասընթացքի մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան այցելել Սուրբ Ղազարու Մխիթարեան Մայրավանքն ու թանգարանը: Իսկ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին Մայրավանքի եկեղեցիին մէջ մասնակցեցան հանդիսաւոր Ս․ Պատարագին։  Իսկ 3 եւ 10 Օգոստոս Կիրակի օրերը Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան Ս․ Պատարագ մատուցանեց, ընթացորդներու մասնակցութեամբ, Վենետիկի Հայոց պատմական Ս․ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։

Ընթացորդներէն փափաքողները հնարաւորութիւնն ունեցան նաեւ մասնակցելու հայկական աւանդական պարերու եւ դուդուկի յատուկ դասերու Արծուի Բախչինեանի եւ Արամ Իփէքճեանի ղեկավարութեամբ: Շաբաթական երեք անգամ տեղի ունեցող այս դասերը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցին ուսանողութեան մօտ, որոնք իրենց ձեռք բերած կարողունակութիւնները կրցան ներկայացնել շաբաթը մէկ անգամ կազմակերպուող երեկոյեան ուրախառիթ հաւաքոյթներուն։ 

Բոլոր այն մասնակիցները, որոնք յաջողութեամբ յանձնած են իրենց քննութիւնները, 2025-ի Դեկտեմբերին պիտի ստանան իրենց վկայականները։ Մինչեւ տարեվերջ մամլոյ հաղորդագրութեամբ եւ այլ լրասփիւռներով հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահուի յառաջիկայ տարուան դասընթացքի մասին։

40 տարիներու երկարատեւ այս աշխատանքը իր անցեալի պատմութեան մէջ նշեց հոծ բազմութիւն մը՝ հազար հինգ հարիւր մասնակիցներու։ Ասոնցմէ շատեր գործուն մասնակցութիւն բերած են հայագիտութեան եւ առ հասարակ հայեցի կրթութեան զանազան ճիւղերուն, գիտական լուրջ ներդրումներով։ Այսպէս, դասընթացքը թեւակոխեց իր քառասնամեայ յոբելեանը՝ նոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու եւ նոր գիտական ու կրթական փուլերու դռները բանալու հեռանկարով։

Վենետիկի «Պո-Արաքս» Մշակութային Ընկերակցութիւնը յաջողութիւն կը մաղթէ այս քառասուն տարիներու բեղմնաւոր ուղին միասին բոլորող բոլոր մասնակիցներուն, յոյս յայտնելով՝ որ նոր ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու շնորհիւ միասնաբար պիտի շարունակուի առաքելութիւնը՝ ի սպաս հայ ինքնութեան պահպանման ու ամրապնդման, եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի կենսունակութեան։

 

ԴԻՒԱՆ ՊՈ-ԱՐԱՔՍ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Վենետիկ,

2025 Օգոստոս 19