Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՎԵՆԵՏԻԿ-ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐ – «Աւրորա»-ի 2022-ի դափնեկիրն է՝ իրաւապաշտպան Ճամիլա Աֆղանին

 

Հոկտեմբեր 15-ին, Վենետիկի մէջ կայացած հանդիսութեան ընթացքին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան 2022-ի մրցանակը շնորհուեցաւ մանկավարժ, իրաւապաշտպան Ճամիլա Աֆղանիին (Աֆղանստան)։

Ճամիլա Աֆղանի «Նուռ» կրթութեան եւ կարողութիւններու զարգացման կազմակերպութեան (NECDO) հիմնադիրն է. ան իր կեանքի 25 տարին նուիրած է Աֆղանիստանի կիներու կրթութեան հնարաւորութիւն տալու գործին։

Նշենք, թէ ամէն տարի, Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու անունով «Աւրորա» մրցանակը կը շնորհուի ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներու։ Դափնեկիրը կը ստանայ 1.000.000 տոլար պարգեւ եւ նուիրատւութեան շղթան շարունակելու բացառիկ կարելիութիւն՝ աջակցելով կազմակերպութիւններու, որոնք կ՚օգնեն կարիքի մէջ գտնուողները։