Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան եւ «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութեան մասնագէտները այցելած են Վայոց Ձորի մարզի Շատիվանք վանական համալիրը եւ Գնդեվազի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, ուր ԿԳՄՄ-ի գանձատրումով կ՚իրականացուին վերականգնման աշխատանքներ։
Շատիվանքի մէջ մասնագէտները ծանօթացած են «Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ» կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքներուն։ Յատկապէս, պեղումներու շնորհիւ բացուած են Սուրբ Սիոն եկեղեցւոյ հիւսիսային եւ պարսպապատերու արեւելեան հողածածկ մուտքերը։ Եկեղեցւոյ շուրջը կատարուած պեղումներէն յայտնաբերուած են նաեւ տապանաքարեր, նորայայտ արձանագիր քարեր։ Պեղուած է պարիսպներուն կից շէնքներէն մէկը եւս, ուրկէ յայտնաբերուած են վանական կեանքին առնչուող հնագիտական գտածոներ։
Օգոստոսին սկսած Շատիվանքի վերականգնումը պիտի տեւէ երեք-չորս տարի։
Գնդեվազի մէջ մասնագէտները ծանօթացած են Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ընթացող վերականգնման աշխատանքներուն, զորս նախատեսուած է աւարտել 2025-ին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։