Նկարիչ Վլադիմիր Աբրահամեանի վառ, գունեղ նկարազարդումներով «Ֆրանսական ժողովրդական հեքիաթներ» գիրքը, որ 1988-ին «Արեւիկ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած էր 50 հազար օրինակով, կրկին ընթերցողներուն սեղանին է։ Գիրքը վերահրատարակուած է աւելի վառ գոյներով ու նոր մօտեցումներով։
Գիրքին շնորհահանդէսն ու նկարազարդումներուն բնօրինակ նախագիծերուն ցուցադրութեան բացումը տեղի ունեցած են Մայիս 30-ին, Ժողովրդական արուեստներու թանգարանին մէջ։
Վլադիմիր Աբրահամեան քանի մը ամիս աշխատած է գրքին վրայ, կարդացած է բոլոր հեքիաթները եւ նկարազարդումները կատարած է այնպիսի վարպետութեամբ, որ անոնք կը համապատասխանեն թէ՛ հեքիաթին բովանդակութեան, թէ՛ տուեալ ժամանակաշրջանի ֆրանսական ոճին։
Հատորը վերահրատարակած է «Արեւիկ» հրատարակչութիւնը, Երեւանի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Յունիս 15։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։