Կիրակի, Մարտ 27-ի երեկոյեան, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հիմնուելով Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան նոյն օրուան տեղեկագրին վրայ՝ կը յայտարարէր, որ բանակցութիւններէն ետք ազէրպայճանական կողմը հեռացած է Փառուխ բնակավայրէն։
Բայց այս լուրին անմիջապէս կը յաջորդէր Ազէրպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հերքումը, ուր կ՚ըսուէր.- «Ազէրպայճանական բանակի դիրքերը Փառուխ գիւղին եւ յարակից լեռնային շրջաններուն մէջ փոփոխութիւն չեն կրած»։ ■