Ինչպէս սովորութիւն դարձած է Ֆրանսայի քաղաքական տագնապի վերջին շրջանին, այս անգամ եւս Հոկտեմբեր 12-ի ուշ գիշերին հրապարակուեցաւ Ֆրանսայի նոր կառավարութեան կազմը, 34 նախարարներով։
Որոշ անուններ կը մնան նախորդ կառավարութեան մէջ իրենց գրաւած պաշտօններուն գլուխը, ինչպէս Արդարադատութեան նախարար Ժերար Տարմանէն կամ Արտաքին գործոց նախարար Ժան—Նոէլ Պառօ, մինչ Ներքին գործոց նախարար Պրիւնօ Ռըթայօ կը բացակայի ցանկէն, նախապէս յայտարարած ըլլալով, որ իր գլխաւորած «Հանրապետականներ» կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի այս նոր կառավարութեան։ Հակառակ այդ որոշումին, վեց հանրապետականներ ընդառաջած են իրենց առաջարկուած նախարարական աթոռին եւ այդ քայլով իսկ «ստորագրած» են իրենց վտարումը կուսակցութենէն։
Մարին Լը Փէն, նոր կառավարութեան կազմը ծանուցող լուրէն ժամ մը չանցած, արդէն տեղեկացուց, թէ իրենք անվստահութիւն պիտի յայտնեն, մինչ ընկերվարականներու պարագլուխը Օլիվիէ Ֆոռ իրենց դիրքորոշման մասին կատարեալ անորոշութիւն յառաջացնող «No comment» մը հրապարակած է «X»-իիրհաշիւին։
Աւելի մանրամասն կ՚անդրադառնանք յաջորդիւ, եթէ մինչ այդ այս նոր կառավարութիւնն ալ քանի մը ժամէն չհրաժարի, ինչպէս նախորդը։