Մարտ 23-ին, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպիսկ. Դաւթեանի օրհնութեամբ, Յովհ. Թումանեանի մահուան 102-րդ տարելիցին առիթով, Թիֆլիսի հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է բանաստեղծին հոգիին խաղաղութեան համար: Թիֆլիսահայ մտաւորականներ, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ, դպրոցականներ ծաղիկներ զետեղած են Թումանեանի շիրիմին:
Այնուհետեւ, Վիրահայոց թեմի «Յովհ. Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի ձեռնարկ մը պատրաստուած՝ Թիֆլիսի հայկական եւ վրացական դպրոցներու աշակերտներուն կողմէ, որոնք ներկայացուցած են Ազգային մեծ բանաստեղծին գործերը՝ արտասանելով հայերէն, վրացերէն եւ անգլերէն:
Կեդրոնի հոգեւոր տեսուչ Կիրակոս քահանայ Սիմոնեան, ամփոփելով ձեռնարկը, յիշատակած է Ցեղասպանութեան օրերուն Թումանեանի աշխուժ մասնակցութիւնը գաղթականներու օգնութեան, այդպէսով դառնալով բոլոր որբ երեխաներու համար իսկական «Հայրիկ»:
Թումանեան եւ դուստրը՝ Նուարդ, Հայ որբերուն հետ, Էջմիածին, 1915
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։