Գանձա գիւղին մէջ բացուած է Վահան Տէրեանի վերանորոգուած տուն-թանգարանը՝ Վրաստանի եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարներու ներկայութեան
Յուլիս 12-ին, Վահան Տէրեանի ծննդավայր Նինոծմինտայի շրջանի Գանձա գիւղին մէջ տեղի ունեցած է մեծանուն բանաստեղծի վերանորոգուած տուն-թանգարանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը՝ աւանդական «Տէրեանական օր»-ի եւ քնարերգուի 140-ամեակին նուիրուած մշակութային ձեռնարկներու շրջանակին մէջ։
Արարողութեան Ներկայ եղած են Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Վրաստանի Մշակոյթի նախարար Թինաթին Ռուխաձէ, պետական, հասարակական եւ մշակութային բնագաւառներու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, Տէրեանի բանաստեղծութեան սիրահարներ։
Ողջունելով ներկաները՝ նախարար Ժաննա Անդրէասեան յատկապէս նշած է, թէ Տէրեանի բանաստեղծութիւնը համամարդկային արժէք է, իսկ վերաբացուած թանգարանը նոր կարելիութիւններ պիտի ընձեռնէ ուսումնասիրելու Տէրեանի արուեստը, առնչուելու անոր յաւերժական ներկայութեան։
“Սա մեր երկիրներուն միջեւ մշակոյթի ոլորտին մէջ գործակցութեան հրաշալի վկայութիւն մըն է։ Վստահ եմ, որ պիտի շարունակենք յառաջանալ՝ մեր ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութիւնն ու եղբայրութիւնը ամրապնդելով նոր նախաձեռնութիւններով ու ծրագրերով”,– ըսած է նախարարը։
Վրաստանի Մշակոյթի նախարարն ալ ընդգծած է, թէ մշակոյթը կը բխի բոլորին սրտէն եւ կրնայ ոգեշնչել իւրաքանչիւրը՝ անկախ ազգութենէն եւ լեզուէն:
Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան իր կարգին նշած է, թէ մշակոյթը սահման չի ճանչնար՝ առաւել եւս հայ եւ վրացի ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութեան մէջ:
Հարկ է նշել, թէ Վահան Տէրեանի տուն-թանգարանը վերանորոգած են «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամը եւ բարերարներ։ Հիմնադրամի տնօրէն Սամուէլ Մկոյեանի համաձայն՝ իրենց առաքելութիւններէն է Ջաւախքի հասարակական ոլորտներու զարգացումն ու հայ-վրացական յարաբերութիւններու ամրապնդումը։
Միջոցառման շրջանակին մէջ հիւրերը նաեւ ծաղիկներ զետեղած են Տէրեանի կիսանդրիին առջեւ, ապա շրջած են տուն-թանգարանին մէջ։ Տէրեանական օրը շարունակուած է համերգային տօնախմբութեամբ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։