Ապրիլ 18-ին, Թիֆլիսի մէջ, խորհրդարանի շէնքին դիմաց կազմակերպուած է ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան։ Հոն ցուցադրուած են նաեւ Արցախի մշակութային ցեղասպանութեան վերաբերող պատկերներ։ Անցորդներուն բաժնուած են վրացերէն լեզուով տեղեկատուական գրքոյկներ։