Արցախեան շարժում (Artsakh Movement) Դիմագիրքեան խումբը լուսանկարներ հրապարակած է Մայիս 9-ին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքէն։
Լուանկարներուն կից գրառման մէջ նշուած է.
«Այսօրուան պայքարը արժանապատւութեան պայքար է, այն անհրաժեշտ է ոչ միայն այսօր, որ ճիշդ ապրենք այլ նաեւ վաղը, որ դրանով սնուեն մեր եւ ձեր սերունդները։ Մենք հաւաքուել ենք աշխարհին ցոյց տալու, որ արժանապատիւ ապրելու ենք մեր հայկական Արցախում։
Այս համոզմունքով են տասնեակ հազարաւոր Արցախցիներ դուրս եկել հրապարակ»։
Նշենք, թէ հանրահաւաքին ելոյթ ունեցած է Արցախի հանրապետութեան նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան:
“Մայիս 9-ը մեր տօնն է ու դեռ նշելու ենք յաղթանակներ։ Սա ներկայիս Արցախի ամենակարեւոր օրերից մէկն է՝ հաշուի առնելով այն, որ այս ամէնը նախաձեռնել է Արցախի երիտասարդութիւնը։ Մենք պէտք է պահենք մեր արժանապատւութիւնը։ Միասին արդէն գծել ենք մեր կարմիր գծերը, որոնք անցնելու իրաւունք ո՛չ ոք չունի, բայց Ադրբեջանը խախտել է նշուած գծերը։ Որեւէ պարագայում չպէտք է թոյլ տանք, որ մեր անձնագրերն Ադրբեջանցին ստուգի, ո՛չ մէկը չպիտի սահմանափակի մեր ազատ ելումուտը Հայաստան։ 149 օր շրջափակման մէջ ենք, չունենք կազ, լոյս, վիճակը շատ ծանր է, բայց պէտք է շարունակենք պայքարել”,– ըսած է Վարդանեան։
Անդրադառնալով միջազգային հանրութեան գործողութիւններուն՝ ան նշած է․ “Ո՞ւր է ձեր արժանապատւութիւնը։ Ադրբեջանը թքել է ձեզ վրայ, բացէիբաց ասում է, որ չի կատարում ձեր որոշումները”։
Վարդանեան նաեւ արձանագրած է, որ ճգնաժամը կարելիութիւն կը ստեղծէ ինքնամաքրուելու, ուղղելու սխալները, կառուցելու ազնիւ, արդար փոխյարաբերութիւններ իշխանութիւններուն ու ժողովուրդին միջեւ:
Ան վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստան Արցախի կողքին է, բայց տարակուսած, որ Բերձորի միջանցքի բացման նպատակով դեռ միայն 120 հազար ստորագրութիւն հաւաքուած է։ Դիմելով Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ հարցուցած է, թէ ինչո՞ւ անոնք եւ անոնց զաւակները չեն մասնակցիր ստորագրահաւաքին. “Որպէս պաշտօնեայ, դուք սահմանափակումներ ունէք, բայց ի՞նչն է խանգարում ձեզ Հայ մնալ, ի՞նչն է խանգարում ձեզ մարդ մնալ”:
Յայտարարելով, որ կ՚ընթանայ հայրենական պատերազմ, որուն պէտք է մասնակցի իւրաքանչիւրը եւ ոչ միայն բանակը՝ նախկին Պետական նախարարը աւելցուցած է. “Ստեղծուած իրավիճակում մեր անելիքների, քայլերի ճանապարհային քարտէզը մշակել ենք ու փոխանցել թէ՛ Հանրապետութեան նախագահին, թէ՛ Ազգային ժողովի նախագահին։ Պատասխանատուները պէտք է գլխաւորեն, կազմակերպեն մեր պայքարը, իսկ եթէ իրենք դա չանեն, մենք պիտի անենք”:
Աւարտին, հանրահաւաքի մասնակիցները ուս-ուսի տուած քոչարի պարած են:
Լուսանկարները` Դաւիթ Ղահրամանեանի