ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – Յայտնաբերուած են տասնեակհազարաւոր կեղծ անձնագրեր

Անցեալ շաբաթավերջին, վրացաթրքական սահմանային մաքսակէտին յայտնաբերուած են տասնեակհազարաւոր կեղծ անձնագրեր եւ այլ կեղծ փաստաթուղթեր։

Համաձայն Վրաստանի պաշտօնական կայքերուն՝ փորձ կատարուած է զանոնք Վրաստան ներածելու՝ շինանիւթերու համար նախատեսուած արկղերու մէջ։ Փաստաթուղթերուն շատ բարձր որակը ապշեցուցած է նոյնիսկ մասնագէտները, ըստ որոնց՝ անկարելի է զանոնք յայտնաբերելը սահմանային անցակէտերուն տեղադրուած սարքաւորումներով։

Քննութեան ներգրաւուած են Էնթերփոլի եւ ՕԹԱՆի ծառայութիւնները։ Այս առիթով, Վրաստանի ներքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ չէզոքացուցած են ապօրինի զանգուածային ներգաղթի կամ խափանարարութեան կազմակերպման հաւանական սպառնալիքը։ Ի դէպ, այս երկրին մէջ կեղծ փաստաթուղթերու շրջագայութիւնը երբեմն կը հասնի այնպիսի ծաւալներու, որ իշխանութիւնները հարկադրուած կ՚ըլլան կեղծ փաստաթուղթերու համաներում յայտարարել, որպէսզի կարենան գոնէ անոնց մէկ մասը դուրս ձգել շրջագայութենէ։ Բայց ինչպէս կը վկայէ յիշեալ բացայայտումն ալ, թրքական ներածումներով շատ արագ կը լեցուի այդ բացը։

Դատելով յատկապէս այդ կեղծ փաստաթուղթերուն մէջ նաեւ հայկական մականուններու առատութենէն, մտահոգուելու պատճառներ ունինք նաեւ մենք՝ հայերս։ Նախ, կը խօսինք բացայայտուած ընդամէնը մէկ դէպքի մասին եւ կ՚անգիտանանք իսկական ծաւալը։ Վերջապէս, այսպիսի բարձր արհեստավարժութեամբ կեղծուած անձնագրերը կրնան անարգել օգտագործուիլ որեւէ ոլորտի մէջ՝ ո՛չ միայն անձնական թղթաբանական նպատակներով, այլեւ՝ հանրային գործընթացներու, ինչպէս օրինակ՝ ընտրութիւններու ընթացքին