Ֆրանսահայ գործիչ Ֆրանսուա Տէվէճեան (Փաթրիք Տէվէճեանի որդին) «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին վրայ կատարած գրառումով խստօրէն կը քննադատէ Ազերպայճանն ու Վատիկանը։ Ան Ալիեւի վարչակազմը կը մեղադրէ «մշակոյթի դիւանագիտութիւնը» «կաշառակերութեան դիւանագիտութեան» հետ նոյնացնելուն համար։ Տէվէճեան նաեւ կը պարսաւէ Վատիկանը, որ Հռոմի մէջ վերականգնման ծրագրերու շուրջ կը գործակցի Պաքուի հետ։ Ֆրանսահայ գործիչը սա կ՚որակէ «փարիսեցիներու կեղծաւորութիւն» եւ կը մէջբերէ Աւետարանի «սպիտակացուած գերեզմաններ»-ու հատուածը՝ «Վա՜յ ձեզի, դպիրնե՛ր եւ Փարիսեցինե՛ր, կեղծաւորներ, վասնզի սպիտակցուած գերեզմաններու կը նմանիք, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կ’երեւին, բայց ներսէն՝ մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն տեսակ պղծութեամբ լեցուն են»։
Տէվէճեանի այս հակազդեցութեան պատճառ դարձած լուրը, զոր հաղորդած են ազերպայճանական լրասփիւռները, հետեւեալն է.
«Հռոմի հնագոյն Գոմոտիլլայի ստորերկրեայ դամբարաններու վերականգնումին մէջ՝ Ազերպայճանի գործակցութիւնը Սուրբ Աթոռին հետ, մշակոյթի միջոցով դիւանագիտութեան հզօր օրինակ մըն է։
Ժառանգութիւնը պահպանելով՝ մենք կ՚ամրապնդենք քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը եւ կը վերահաստատենք խաղաղութեան ու փոխադարձ յարգանքի համամարդկային արժէքները»։