Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին հանդիսաւորապէս կը վերաբացուի Մայիս 8-ին․

Akunq.net-ի հարցազրոյցը՝ տեղւոյն հայ համայնքի ղեկավարներուն հետ

Վերջերս Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (Halkların Demokratik Partisi / HDP) երիտասարդական թևի համագումարին ՀՅԴ երիտասարդական և ուսանողական միութիւններու կողմէ մասնակցեցան Տիգրան Չանդոյեան և Գէորգ Ղազիլեան։ Անոնք պատեհ առիթէն օգտուելով նաև հանդիպում ունեցան շրջանի հայ համայնքի ղեկավարներուն հետ։

Ստորև կու տանք միաժամանակ Արևմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աշխատակից Տիգրան Չանդոյեանի հարցազրոյցը՝ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար խորհուրդի անդամ Կաֆֆուր Թիւրքայի (Օհաննէս Օհանեան) և եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար Էրկիւն Այըքի հետ։

«Տակաւին 10-11 տարի առաջ Տիգրանակերտի մէջ հայկական համայնք գրեթէ գոյութիւն չունէր»,– Տիգրան Չանդոյեանի հետ զրոյցին շեշտեցՕհանեան։ Ան, պատասխանելով տեղւոյն հայ համայնքի մասին հարցումին, յայտնեց․– «2010-2011 թթ․ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացման հետ մէկտեղ համայնքը ևս աշխուժացաւ։ Ներկայիս անոր թիւը հազիւ 30 հոգի կը կազմէ, սակայն մինչև 2015 թուականը, այսինքն՝ նախքան այստեղ տեղի ունեցած թուրք-քրտական ընդհարումները, երբ մեր եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններ կը կազմակերպէինք, օրինակ՝ Զատիկը կամ Սուրբ Ծնունդը կը նշէինք, այդ տօնակատարութիւններուն շատ մարդ կը մասնակցէր։ Եկեղեցին բազմամարդ կ՚ըլլար, նկատի ունենալով որ Տիգրանակերտի ոչ-քրիստոնեայ Հայերու թիւը շատ մեծ է։ Հետևաբար, մեր ձեռնարկներուն մօտաւորապէս 700-1000 հոգի կը մասնակցէր։ Մինչև իսկ պատահած է, որ տօնակատարութեան մը շուրջ 1500 հայներկայ գտնուած է։ Կը յուսանք, որ այդ օրերը կը վերադառնան»։

«Ինչպէս նշեց պարոն Օհաննէս Օհանեան, այստեղի քրիստոնեայ համայնքը շուրջ 30 անդամ ունի, սակայն ատկէ բացի կան իրենց հայութիւնը ընդունող, սակայն առայժմ քրիստոնէութեան չվերադարձած Հայեր, որոնց յստակ թիւը տակաւին յայտնի չէ»,–Akunq.net-ի թղթակցին հետ զրոյցին ընկերոջ խօսքը լրացուց Էրկիւն Այըք և աւելցուց․– «Նաև կան Հայեր, որոնք տեղեակ ըլլալով հանդերձ իրենց հայկական արմատներուն մասին, կը վախնան բարձրաձայն յայտարարել։ Նման Հայերու շատ մեծ զանգուած կայ այստեղ։ Սուրբ Կիրակոսէն բացի, Տիգրանակերտի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատկանող մէկ այլ մեծ եկեղեցի ալ ունինք, որ աւերակ վիճակի մէջ կը գտնուի։ Մտադիր ենք այն եւս վերանորոգել, քանի որ այստեղի Հայութիւնը եկեղեցիներու շնորհիւ ինքզինք կը դրսեւորէ։ Ինչպէս ծանօթ է, հոս մահմետականներու թիւը մեծցնելու միտում կայ, և մեր պայքարը ճիշդ ատոր դէմ ուղղուած է։ Կ՚ուզենք, որ Տիգրանակերտի Հայերը չմոռնան իրենց հայութիւնը, որպէսզի հետագային անոնց սերունդները ևս յիշեն իրենց հայկական արմատները։ Այդպէսով մենք կը փափաքինք շեշտել հոս Տիգրանակերտցի Հայերու ներկայութեան մասին։ Ապագային մեր զաւակները ևս պէտք է իմանան այս շրջանի Հայերու գոյութեան վերաբերեալ։ Թուրք մահմետականները կը փորձեն մոռացութեան մատնել այստեղի Հայերու առկայութեան փաստը»։

Էրկիւն Այըք իր զրուցակցին նաև յիշեցուց, թէ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ զանգակատունը օրին աւելի բարձր եղած է շրջակայ մահմետական կառոյցներէն, մասնաւորապէս՝ մինարէներէն, որու պատճառով ալ քանդած են զայն։

Օհաննէս Օհանեան անդրադառնալով այն հարցին, թէ յառաջիկային ի՞նչ ձեռնարկներ կը նախատեսուին Տիգրանակերտի Հայութեան համար, յայտնեց․– «Քանի որ ցայժմ Սուրբ Կիրակոսը վնասուած ըլլալու պատճառով փակ էր, վերջերս որևէ արարողութիւն չենք կազմակերպած։ Չենք կրցած նշել նաևեկեղեցական տաղաւար տօները։ Եկեղեցւոյ վերանորոգումը կ՚աւարտի այս տարուան Մայիսի սկիզբները և 2022 Մայիս 8-ին եկեղեցւոյ հանդիսաւոր վերաբացումը կը կատարենք։ Կը յուսանք, որ անկէ ետք պիտի կարողանանք այստեղ նշել մեր բոլոր տօները, այդ կարգին՝ Սուրբ Յարութիւնը եւ Սուրբ Ծնունդը։ Նաև կը նախատեսենք, որ եկեղեցւոյ վերաբացումէն յետոյ Կ․Պոլսէն երբեմն հոգևորականներ կ՚այցելեն և արարողութիւններ կը կատարեն։ Նոյնիսկ կը յուսանք, որ Սուրբ Կիրակոսին՝ հայ համայնքին մնայուն կերպով սպասարկող հոգևորական մը կը նշանակուի։ Այսինքն, կը փափաքինք այս եկեղեցին մշտապէս գործող կեդրոնի վերածել»։

Աւարտին, Օհանեան յոյս յայտնեց, որ Սուրբ Կիրակոսի վերաբացումէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան Հայերը ևս, ինչպէս անցեալին, կը վերսկսին իրենց այցելութիւնները՝ Տիգրանակերտ և Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի։ Իսկ Այըք յիշեցուց, որ Սուրբ Կիրակոսի մէջ յաճախ Հայաստանէն եկած համոյթներ ելոյթներ ունեցած են։ Ան փափաք յայտնեց Հայաստանէն այցելուներու մէջ աւելի մեծ թիւով երիտասարդներ տեսնելու։

Akunq.net

Թրքերէնէ թարգմանութիւն՝ Մելինէ Անումեան

Արեւմտահայերէնի պատշաճեցում՝ «ՆՅ»