Նոյեմբեր 4-7, Գերմանիոյ Տիւսելտորֆ քաղաքին մէջ տեղի կ՚ունենայ A+A 2025՝ աշխատանքային միջավայրի մէջ անվտանգութեան ապահովման եւ առողջութեան պահպանման բնագաւառի աշխարհի առաջատար միջազգային ցուցահանդէսը։
Հայաստան ցուցահանդէսին կը մասնակցի առաջին անգամ ըլլալով, միացեալ տաղաւարով՝ Տնտեսութեան նախարարութեան եւ Եւրոպական Միութեան գանձատրումով, Միջազգային առեւտրի կեդրոնին (ITC) կողմէ իրականացուող «Հայաստանի մէջ հագուստի եւ գիւղատնտեսական արտադրանքի կայուն արժեշղթաներու կառուցում» ծրագրին աջակցութեամբ։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած է աշխատանքային հագուստ արտադրող 8 հայկական ընկերութիւններու արտադրանքը։
Ընկերութիւնները ո՛չ միայն հայկական արտադրանքը կը ներկայացնեն միջազգային շուկային վրայ եւ կ՚ընդլայնեն արտածման կարողականութիւնը, այլեւ կը ծանօթանան նորարարական լուծումներուն, կը հաստատեն նոր գործնական կապեր միջազգային ընկերութիւններու հետ՝ հետագայ համագործակցութեան հեռանկարներով։
Անցեալ տարի այս հեղինակաւոր ձեռնարկին մասնակցած է 58 երկրէ աւելի քան 2000 ցուցադրող. ցուցահանդէսը ունեցած է 141 երկրէ՝ 62.265 այցելու։ Այս տարի եւս կ‘ակնկալուի նման մասնակցութիւն։