Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ցաւալի երեւոյթ ողբերգական վիճակին մէջ…

Արցախ 182 օր է շրջափակուած, աշխարհէն կտրուած, ողբերգական վիճակի մատնուած է։ 182 օր… Մեր անզօր դիրքերէն՝ թիւեր յիշելը, իւրաքանչիւր օր երէկուանին վրայ հատ մը եւս աւելցնելը կը ճմլէ մեր սրտերը։ Արցախցիներուն չափ, մենք եւս ամէն օր այն յոյսով կ՚ապրինք, որ ներկայի անել կացութիւնը լուծումի մը պիտի յանգի, վաղը այլեւս կարիքը պիտի չունենանք շրջափակման օրերու նոր թիւ նշելու, վերջ պիտի գտնէ մեծով, պզտիկով, երախայով, ծերունիով, հիւանդով 120.000 բնակչութեան տառապանքը։

Այս պայմաններուն մէջ առնուազն զարմանալի է տեսնել, որ շրջափակման 200 օրերուն համար արդէն երկու շաբաթ առաջ յայտարարուեցաւ զօրակցութեան համերգ մը, ի նպաստ՝ Արցախի բնակչութեան եւ որ դատելով ազդէն՝ պիտի վայելէ ներկայութիւնը Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանին եւ Արցախի մնայուն ներկայացուցչին։

Որպէս կացութեան համակերպո՞ւմ պէտք է ընկալել այս նախաձեռնութիւնը, յոռետես կանխատեսութի՞ւն, թէ՞ նկատի ունենալով վերո-

նշեալ անձնաւորութիւններու իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը հովանաւորելու հանգամանքը, այս կացութեան պաշտօնականացումը յայտարարելու ձեւ մը։ 

Մեր նպատակը չէ դատապարտել ոեւէ մէկը կամ որեւէ նախաձեռնութիւն։ Բնա՛ւ։ Ընդհակառակն. միայն կարելի է ողջունել Արցախի ի նպաստ իւրաքանչիւր ձեռնարկ։ Բայց եւ այնպէս, ըստ մեզի՝ նման որոշում կը կարօտի բացատրութեան։ Ինչի՞ հիման վրայ կը ծրագրուին շրջափակման յառաջիկայ «յոբելինական օրեր»-ու ձեռնարկները։ Միթէ պարտուողութիւն կամ ճակատագրապաշտութիւն չի՞ բուրեր ի սկզբանէ ծրագրել շրջափակման 200 կամ աւելի օրեր նշող միջոցառումներ։ ■