Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշազատէ. «Հայ առաքելական եկեղեցին իր ժողովուրդը կը ներքաշէ աղէտներու եւ վտանգներու մէջ»

Ազերպայճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ Շեյխ-ուլ-իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ընդհանուր քարտուղարին յղած իր բողոքի նամակին մէջ Հայ առաքելական եկեղեցին ամբաստանած է «մարդիկ բռնութեան մղելու, հայ ժողովուրդին մինչեւ մահ պայքարելու կոչ ուղղելու, հայ ժողովուրդի ապագան նոր վտանգներու ու աղէտներու մէջ ներքաշել»-ու մեղադրանքով:

«Կոչ կ՚ընեմ ԵՀԽ-ին չաջակցիլ Հայ եկեղեցւոյ գրգռիչ, վրէժխնդրական քարոզչութեան, որ կը խախտէ փխրուն խաղաղութիւնը»,– ընդգծուած է Փաշազատէի նամակին մէջ։

Շեյխ-ուլ-իսլամը առաջարկած է, որ ԵՀԽ-ն պատուիրակութիւն մը ղրկէ տարածաշրջան՝ իրական կացութեան ծանօթանալու համար։ Ան ըսած է, թէ Ազերպայճանի տարածքին «Արցախ անունով վարչական միաւոր չկայ»։ «Նոյնիսկ Հայաստանի վարչապետը ստիպուած էր ճանչնալ այս պատմական իրողութիւնը»,– նշած է ան։