Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեանի հանդիպումը ԱՄԷ-ի նախագահին հետ

Յուլիս 9-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) նախագահ Շեյխ Մուհամմատ պին Զայետ Ալ Նահեանի հետ:

Հանդիպումին քննարկուած են երկկողմ գործակցութեան օրակարգային հարցեր՝ ընդգծելով փոխադարձ վստահութեան բարձր մակարդակը եւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, ներդրումային ու մարդասիրական բնագաւառներու զարգացման լայն կարելիութիւնները:

ԱՄԷ-ի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է քայլերու ձեռնարկելու փոխշահաւէտ նախաձեռնութիւնները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան հոլովոյթին եւ Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին շուրջ: Շեյխ Մուհամմատ պին Զայէտ Ալ Նահեան յոյս յայտնած է, որ խաղաղութեան պայմանագիրը շուտով կը ստորագուի:

Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետը նշած է, թէ կը գնահատէ ԱՄԷ-ի դերը տարածաշրջանային կայունութեան խթանման մէջ եւ միջազգային անվտանգութեան ամրապնդման ուղղուած անոր ջանքերը։

Քննարկուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր եւս: