Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը տեւած է շուրջ հինգ ժամ

Յունիս 10-ին, Ապու Տհապիի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որ տեւած է շուրջ 5 ժամ։

Երկու երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումը ծայր առած է ընդլայնուած կազմով, յետոյ ղեկավարներու գլխաւորած պատուիրակութիւնները հեռացած են բանակցութեանց սրահէն։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ շարունակած են այս անգամ գլուխ-գլխի տեսակցութիւնը։ Ընդմիջումէն ետք պատուիրակութեանց անդամները կրկին միացած են բանակցութիւններուն։

Հայկական պատուիրակութեան մաս կազմած են փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան։

Ազէրպայճանի կողմէ հանդիպումին մասնակցած են ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամով, փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ, Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ, ինչպէս նաեւ անոր յատուկ յանձնարարութիւններու ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպէկով։

Հայաստանի ԱԳ նախարարութեան հաղորդագրութիւնը

Այս կապակցութեամբ Հայաստանի ԱԳ նախարարութիւնը հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«2025 Յուլիս 10-ին, Հայաստանի վարչապետը եւ Ազերպայճանի նախագահը հանդիպում ունեցան Ապու Տհապիի մէջ եւ քննարկեցին Հայաստան-Ազերպայճան միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգի տարբեր երեսակներ:

Կողմերը հաստատեցին, որ երկկողմ բանակցութիւնները յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող բոլոր հարցերը հասցէագրելու ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւաչափն են, եւ այդ հիմքով համաձայնութիւն գոյացաւ շարունակելու երկխօսութիւնը:

Երկուստեք նշելով սահմանի զատման հոլովոյթին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը, յանձնարարուեցաւ համապատասխան պետական յանձնաժողովներուն շարունակել գործնական աշխատանքը այդ ուղղութեամբ:

Կողմերը երախտագիտութիւն յայտնեցին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահին՝ ջերմ հիւրընկալութեան եւ սոյն հանդիպումը կազմակերպելուն համար»: