Յունիս 5-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ։
Վարչապետը Թուրքիոյ նախագահին ուղղած է իր շնորհաւորանքը Քուրպանի տօնին առիթով։ Թուրքիոյ նախագահն ալ իր զրուցակիցը շնորհաւորած է Եւրոպական քաղաքական վեհաժողովը 2026-ի գարնան Հայաստանի մէջ հիւրընկալելուն առթիւ։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր։ Կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու երկխօսութիւնը։
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադառնալով այս զրոյցին՝ յայտարարած է.
“Շատ իրատեսական եմ համարում մեր յարաբերութիւնների մօտալուտ կարգաւորումը ե՛ւ Ադրբեջանի, ե՛ւ Թուրքիայի հետ, համապատասխանաբար, նաեւ սահմանների բացումը”։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։