Փաշինեան. «Ընդդիմութեան գործուն հատուածին խօսոյթը կը մշակուի Հայաստանէն դուրս»

Ազգային ժողովին մէջ, Հոկտեմբեր 23-ին, Կառավարութեան հարցումպատասխանի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան պնդած է, թէ uնդդիմութեան գործուն հատուածին խօսոյթներն ու քաղաքական ուղղութիւնները կը մշակուին Հայաստանի սահմաններէն դուրս։

Ըստ անոր՝ այդ ուժերը իրականութեան մէջ ներքաղաքական կեանքին հետ կապ չունին եւ կը գործեն արտաքին օրակարգերու շրջանակին մէջ։

Մեր ընդդիմութեան հսկայական հատուածի մը կամ ամէնէն աշխուժ հատուածին խօսոյթները եւ քաղաքականութիւնները կը մշակուին Հայաստանէն դուրս։ Իրենք ներքաղաքական կեանքի հետ որեւէ կապ չունին։ Իրենց կապը արտաքին քաղաքական օրակարգերուն հետ է, եւ իրենք արտաքին քաղաքականութեան ներքին արգելակներն են”,ընդգծած է Փաշինեան։

Վարչապետը նշած է, որ ժողովրդավարական հասարակութիւնը չի կրնար վտանգ ներկայացնել ժողովրդավարական կառավարութեան, քանի որ ժողովրդավարութիւնը կ՚ենթադրէ քննարկում եւ վիճարկում՝ սկզբունքներու շուրջ։

Սակայն, ըստ իրեն, հարցը այն է, որ ընդդիմութեան որոշ խումբեր կը գործեն արտաքին ուժերու յանձնարարութեամբ։

Ընդդիմութեան հատուածին մէջ մենք ունինք ընդամէնը արտաքին պատուիրակներ, որոնք կը կատարեն արտաքին յանձնարարականներ՝ բառին բուն եւ ուղղակի իմաստով։ Եւ սա, կարծեմ, ակնյայտ է,– ըսած է վարչապետը։

Ան աւելցուցած է, որ ներքաղաքական դաշտին մէջ հիմնական հարցը կը մնայ Հայաստանի անկախութեան պահպանումը։

Հարցը մէկ է՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէ՞տք է ըլլայ անկախ պետութիւն, թէ՞ չըլլայ անկախ պետութիւն։ Խաղաղութեան օրակարգն ալ ասոր հետ է կապուած, որովհետեւ խաղաղութիւնը անկախութեան գործօն է, իսկ հակամարտութիւնը՝ կախուածութեան գործօն”,նշած է Փաշինեան։

Վարչապետին համաձայն՝ որոշ արտաքին ուժեր դժգոհ են այն հանգամանքէն, որ Հայաստան յաղթահարած է երկար տարիներ պահպանուած կախուածութեան իրավիճակը, եւ այժմ կը փորձեն ետ բերել այդ կացութիւնը։

Հոս, ինչպէս միշտ, վճռորոշ խօսքը ժողովուրդինը պիտի ըլլայ, եւ ես համոզուած եմ, որ ժողովուրդը չի կրնար ինքն իր դէմ գործել”,եզրափակած է Փաշինեան։