Հոկտեմբեր 22-ին, Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած «Մետաքսի ճամբայ» 5-րդ միջազգային համաժողովին ունեցած իր ելոյթին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շեշտը դրած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ տարածաշրջանային կապերու զարգացման կարեւորութեան վրայ։
Վարչապետը յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութիւնը հաստատուած է։ Այս համածիրին մէջ, ան խիստ կարեւոր քայլ համարած է Ազերպայճանի նախագահին՝ Հայաստան ուղղուած բեռներու տարանցման բոլոր սահմանափակումները վերցնելու որոշումը։
Փաշինեան ընդգծած է, որ Հարաւային Կովկասի փոխադրական ծրագրերը իրարու հետ չեն մրցակցիր, այլ՝ զիրար կը լրացնեն։
Վարչապետը նաեւ իր ակնկալութիւնը յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանը պիտի բացուի մօտ ապագային։