Նոյեմբեր 12-ին, Ազգային Ժողովի Կառավարութեան ժամուն, վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, թէ «Թրամփի ուղի»-ին կառուցումը պիտի սկսի 2026-ի երկրորդ կէսին։
Ըստ վարչապետին՝ բոլոր մանրամասնութիւնները պէտք է քննարկուին մինչեւ այս տարեվերջ, ամբողջ ծրագիրը պէտք է թուղթի վրայ ներկայացուի տարուան առաջին կէսին, իսկ շինարարութիւնը նախատեսուած է սկսիլ տարուան երկրորդ կէսին։
”Պայմանաժամերուն մասին պիտի նախընտրէի առայժմ ոչինչ ըսել, քանի որ նման ծրագրերը միշտ կը շեղին ժամանակացոյցէն”,– աւելցուցած է Փաշինեան՝ ի միջի այլոց նշելով Թրամփի խումբին աշխատանքային ծանրաբեռնուածութիւնը։ “Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որ պայմանաժամերը պահպանուին”,– վստահեցուցած է ան։
Երթուղիներ Եւ Սկզբունքներ
Վարչապետը յայտնած է, թէ երկաթուղին պիտի կրկնէ խորհրդային ժամանակաշրջանի երկաթուղիի երթուղին, քանի որ այլ երթուղի մը անիրատեսական պիտի ըլլար։ Կազատարը եւ ելեկտրահաղորդման գիծերը պիտի անցնին էապէս հիւսիսային հատուածէն։ Ներկայիս յայտնի չէ, թէ արդեօք կազատարը եւ ելեկտրահաղորդման գիծերը պիտի մնան Սիւնիքի՞ մէջ, թէ՞ պիտի անցնին Վայոց Ձորի մարզէն։
Քարտէսի վրայ ամէն ինչ հարթ կը թուի, բայց աշխարհագրական իրականութիւնը (relief) կը թելադրէ իր պահանջները, բացատրած է Փաշինեան՝ աւելցնելով, թէ «Արեւելք—Արեւմուտք» ճամբաները պիտի համարկուին «Հիւսիս—Հարաւ» ծրագրին եւ տարբերակները դեռ կը քննարկուին։
Ինչ կը վերաբերի խողովակաշարին՝ վարչապետը ըսած է, թէ դեռ պարզ չէ՝ ինչպէ՞ս պիտի կառուցուի ան. ճակատագիրը մեծապէս կախեալ պիտի ըլլայ նաւթի գիներէն։
Ազերպայճանի յայտարարութիւնները
Վարչապետը նաեւ մեկնաբանած է ընկերային ցանցերու հայկական հատուածի արձագանգը Պաքուի յայտարարութեան, թէ ճամբան պիտի գործէ Ազերպայճանի համար բարենպաստ պայմաններով։
“Մենք չենք ըսեր, թէ Ազերպայճանի համար անընդունելի պայմաններով պիտի գործէ եւ թուղթ մը ստորագրած ենք ընդունելի պայմաններուն մասին։ Այդ պայմանները անոնք են, որոնց տակ դրուած է Ազերպայճանի եւ ի հարկէ նաեւ Հայաստանի ղեկավարին ստորագրութիւնը”,– յիշեցուցած է Փաշինեան՝ թուարկելով յայտնի սկզբունքները՝ հողային ամբողջականութիւն, ինքնիշխանութիւն, լիազօրութիւններ, փոխադարձութիւն, սահմաններու անխախտելիութիւն։