Հայաստանի վարչապետ, իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է քննարկումներուն ընթացքին, թէ ինչո՞ւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը յաղթեց, իսկ ընդդիմութիւնը պարտուեցաւ Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքի աւագանիի ընտրութիւններուն։
Փաշինեան նիւթին անդրադարձած է Դիմագիրքի իր էջին վրայ հրապարակուած տեսանիւթի մը մէջ։
“Հիմա շատ կը քննարկուի, թէ ինչո՞ւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը յաղթեց, իսկ ընդդիմութիւնը պարտուեցաւ Վաղարշապատի ընտրութիւններուն։ Ասոր համար կայ մէկ ընդհանուր պատճառ. որովհետեւ ընդդիմութիւնը կը խօսէր ապոքալիփսիսի, իսկ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը՝ կեանքի մասին, եւ մարդիկ պարզապէս ընտրեցին կեանքը, մարդիկ պարզապէս կ՚ընտրեն կեանքը։ Իմ համեստ կարծիքով՝ այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որովհետեւ մենք միասին դառն փորձութիւններու ընդմէջէն անցնելով՝ ապոքալիփսիսը ձգած ենք անցեալին մէջ, եւ այսօր ու վաղը մեր առջեւ մի՛այն կեանքն է”,– ըսած է վարչապետը տեսանիւթին մէջ։
Յիշեցնենք, որ Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքի աւագանիի ընտրութիւններուն վերջնական բայց դեռ ոչ—պաշտօնական արդիւնքներուն համաձայն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը վստահ յաղթանակ տօնած է՝ ստանալով 15 298 ձայն։ Երկրորդ դիրքի վրայ հասած է «Յաղթանակ» դաշինքը, որ ստացած է 10 051 ձայն։ Նուազագոյն շեմը յաղթահարած է նաեւ «Մայր Հայաստան» կուսակցութիւնը, որ ստացած է 1 692 ձայն։
Իր ստացած ձայներուն շնորհիւ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը պիտի կարենայ Վաղարշապատի խոշորացուած համայնքին մէջ առանձինն իշխանութիւն ձեւաւորել։ ■