Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Դիմագիրքի իր էջով հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կ՚անդրադառնայ Արցախեան հարցի բանակցային գործընթացին եւ ներքաղաքական զարգացումներուն, նշելով հետեւեալ կէտերը.
- Ք.Ռ.-ի (Ռոբերտ Քոչարեան) եւ Ս.Ս.-ի (Սերժ Սարգսեան) վերջին օրերու յայտարարութիւնները կը վերահաստատեն այն, որ Ղարաբաղի հարցը յայտնի ուժերու ձեռքին եղած է պարան մը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «մօտակայ ծառին» կապելու համար։ Ժողովուրդներու իրաւունքները, պատմական արդարութիւնը եւ նման եզրերը եղած են ընդամէնը հիմնական նպատակը քօղարկելու միջոց։
- Բանակցային բոլոր գործընթացներն ու առաջարկները եղած են պարանը կարճցնելու մասին։ Մինչեւ տարեվերջ բանակցային թուղթերը պիտի հրապարակուին եւ նշածս պիտի դառնայ աւելի տեսանելի։
- «Պատերազմը դադրեցնելու» բոլոր առաջարկները եղած են պարանը կարճցնելու մասին (այս նիւթին բազմիցս անդրադարձած եմ հրապարակաւ)։
- Պարանը կարճցնելու այս գործընթացին վերջնական նպատակը եղած է Հայաստանի պետականութեան վերջ դնելը։
- Այդ բեմագրութեան մէջ Ղարաբաղի տագնապը պէտք է աւարտէր միայն ու միայն Հայաստանի պետականութեան կորուստով։
- Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեր նահատակներու կեանքին գնով, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ղարաբաղի մեր ժողովուրդին պատմական բնազդին շնորհիւ յաջողած է դուրս գալ այդ բեմագրութենէն։
- Ք.Ռ.-ն ու Ս.Ս.-ն կ՚առաջարկեն վերադառնալ այդ բեմագրութեան, որ ի սկզբանէ գրուած եւ իրագործուած է «Լենին, Փարթիա, Գորպաչով» կարգախօսի եւ մեծ հաւանականութեամբ ՊԱԿ—ի (KGB) հովանաւորութեան ներքոյ։
- Ու քանի որ ակնյայտօրէն ասոնց կարելիութիւնները զերօ են, փորձ կը կատարուի ձեւաւորել «երիտլենինփարթիագորպաչովականներու խումբ մը»՝ հին KGB–ականներու հովանաւորութեան ներքոյ։
- Սպասուող արդիւնքը՝ 0+0=0:
Յ.Գ. Ղարաբաղի մեր ժողովուրդը Կառավարութեան աջակցութեամբ պէտք է տեղաւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Ճիշդ է, սա ծաւալուն, բարդ եւ մեծ միջոցներ պահանջող ծրագիր մըն է, բայց զայն մենք պիտի շարունակենք իրագործել։