Հայաստանի տնտեսութիւնը պէտք է համապատասխանէ միջազգային չափանիշերուն, քանի որ անոնցմէ դուրս գործելակելը կը սահմանափակէ երկրին ինքնիշխանութիւնը։ Այս մասին Հոկտեմբեր 23-ին, Կառավարութեան հարցում—պատասխանի ընթացքին յայտարարած է վարչապետ Փաշինեան՝ անդրադառնալով Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէի հետ հանդիպման եւ տնտեսվարողներու բողոքներուն։
Վարչապետը յիշեցուցած է, որ 2018-էն ի վեր տնտեսվարողները կը յորդորէ համապատասխանելու չափանիշերուն։
“Ես 2018-ին ըսի՝ պէ՛տք է չափանիշերը յարգէք, դադրեցուցէ՛ք։ Լսեցէ՛ք, ինչո՞ւ, օրինակ, միջազգային այցի մը ընթացքին, հեղինակաւոր արտադրող կազմակերպութիւն մը ինձմէ հանդիպում խնդրէ, ես մտածեմ՝ կ՚երեւի կ՚ուզեն ներդրում ընել, բայց իրենք գան եւ ըսեն՝ ձեր երկրին մէջ մեր ապրանքը կը կեղծեն։ Ի՞նչ ընեմ ես”,– ըսած է Փաշինեան։
Վարչապետին համաձայն՝ Հայաստանի հիմնական խնդիրներէն մէկն այն է, որ որոշ արտադրութիւններ հիմնուած են ոչ թէ որակի կամ օրինականութեան, այլ ձեւական անուանումներու վրայ, ինչ որ կը վնասէ երկրին հեղինակութեան։
“Հայաստանի մէջ չի կրնար քոնեակ արտադրուիլ։ Ինչպէս որ չի կրնար Դիլիջանի մէջ Ջերմուկ արտադրուիլ, Հայաստանի մէջ չի ալ կրնար շամփայն արտադրուիլ, կը հասկնա՞ք”,– նշած է վարչապետը։
Փաշինեան նաեւ աւելցուցած է, որ չափանիշերուն չհամապատասխանող արտադրանքը վտանգ է երկրին անկախութեան համար։
“Չափանիշերուն չհամապատասխանող ապրանքներու գոյութիւնը լծակ մըն է մեր ինքնիշխանութիւնը սահմանափակելու”,– ըսած է ան։