Փաշինեան. «Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ այլեւս խաղաղութիւն կը տիրէ»

Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 15–ին ծայր առած է «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայութիւն 2025» միջազգային համաժողովը։ Կը մասնակցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Արտաքին հետախուզութեան ծառայության պետ Քրիստինէ Գրիգորեան, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթեր, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, միջազգային փորձագէտներ եւ ուրիշներ։

Ողջոյնի իր խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեան  յայտարարած է՝ «Հայաստանի ու Ադրբեջանի միջեւ այլեւս խաղաղութիւն է»,– նշելով.

“Եթէ գարնանը ես ասում էի, թէ Հայաստանի ու Ադրբեջանի միջեւ պատերազմ չի լինելու, լինելու է խաղաղութիւն, ուզում եմ արձանագրել, որ Հայաստանի ու Ադրբեջանի միջեւ այլեւս խաղաղութիւն է”:

Փաշինեանի համաձայն՝ նոյնիսկ 50 տարի գոյութիւն ունեցած խաղաղութիւնները կարիքն ունին սահմանակարգման, որովհետեւ «եթէ դու չես զբաղւում խաղաղութեան սահմանակարգմամբ, խաղաղութիւնն ապասահմանակարգւում է, այսինքն՝ քայքայւում է»: