Օգոստոս 21-ին, լրագրողի մը հարցումին թէ՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն ետք հայաստանցիներ կրնա՞ն երթալ Շուշի, վարչապետ Փաշինեան պատասխանած է.
“Ինչ վերաբերում է՝ Հայաստանի քաղաքացիները կարող են ինչ-որ մի տեղ գնալ, ուզում եմ յիշեցնել փոխադարձութեան սկզբունքի մասին։ Այո՛, խաղաղութեան պայմաններում բոլորը բոլոր տեղեր կարող են գնալ որպէս զբօսաշրջիկ, եթէ ի նկատի ունէք որպէս զբօսաշրջիկ”։
Փաշինեանի համաձայն՝ ռազմավարական առումով 90-ականներու սկիզբէն Հայաստանէն ու Ազերպայճանէն գաղթական դարձած քաղաքացիներու վերադարձի օրակարգը, այն տրամաբանութեամբ, որ կ՚ընկալուի Հայաստանի ու Ազերպայճանի մէջ, շատ լուրջ վտանգներ կը պարունակէ խաղաղութեան օրակարգին համար։
“Այդ արծարծումը փախստականներին ոչինչ չի տալու, փոխարէնը յանգելու է նոր լարվածութեան՝ բխող բոլոր հետեւանքներով”,– ըսած է ան։
Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման, Փաշինեան նշած է, թէ այդ հարցով կը բանակցին Թուրքիոյ հետ՝ յոյս յայտնելով, որ տուեալ պահու մը այդ սահմանը պիտի բացուի։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։