Փաշինեան. «Հայաստան պիտի չներգրաւուի Իրանի դէմ որեւէ գործողութեան մէջ»

“Հայաստան զգայուն է Իրանի շահերուն նկատմամբ եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը նոյնպէս զգայուն է մեր շահերուն նկատմամբ”,– ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Մարտ 4-ին, Իրանի պետական հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին:

Լրագրողին հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է պաշտպանել Իրան-Հայաստան յարաբերութիւնները որոնք, ըստ զրուցավարին՝ հակառակորդներ ունին, Նիկոլ Փաշինեան պատասխանած է, որ պէտք է կեդրոնանալ յարաբերութիւններու բնական շահերուն վրայ:

“Ինչպէս կը նշէք՝ կան գործօններ, որոնք բացասական ազդեցութիւն ունին. այդ գործօնները գաղտնիք չեն, այդ կարգին՝ բարդ յարաբերութիւնները Իրանի եւ մի քանի արեւմտեան երկիրներու միջեւ, որոնց հետ մենք նոյնպէս յարաբերութիւններ ունինք, առաւել եւս՝ լա՛ւ յարաբերութիւններ: Մենք կը փորձենք հաշուի առնել Իրանի այս զգայուն շահերը եւ մեր գործառոյթներուն մէջ հակադրութիւններ չստեղծել”– աւելցուցած է ան:

Դիտարկումին, թէ Փաշինեանի կառավարութիւնը արեւմտամէտ կը բնորոշուի, եւ արդեօ՞ք այդ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Թեհրանի հետ յարաբերութիւններուն վրայ, Հայաստանի վարչապետը պատասխանած է, թէ Երեւան կը վարէ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն, որ կը բացառէ «“մէտ”-ութեան» որեւէ դրսեւորում:

“Իրանի հետ մեր յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են եւ կ’ուզենք որ իսլամական աշխարհին հետ մեր յարաբերութիւնները շարունակեն զարգանալ”,– յայտարարած է Փաշինեան՝ պնդելով, որ «մեր այլ յարաբերութիւններուն մէջ սպառնալիք չկայ Իրանի նկատմամբ»: Բացի ատկէ, ան վստահութիւն յայտնած է, որ Թեհրանի՝ երրորդ կողմերու հետ յարաբերութիւններուն մէջ ալ սպառնալիք չկայ Երեւանի նկատմամբ:

Երբ զրուցավարը հարցուցած է, թէ արեւմտեան երկիրներու կողմէ Իրանին սպառնալիք ստեղծուելու պարագային՝ ի՞նչ պիտի ընէ Հայաստանի իշխանութիւնը, վարչապետը վստահեցուցած է. “Մենք ըսած ենք, որ Հայաստան պիտի չներգրաւուի Իրանի դէմ որեւէ գործողութեան մէջ”:

Նշենք, թէ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան Մարտ 2-ին ունեցած իր ելոյթին՝ ազգային միասնութիւնը, դրացիներու հետ սերտ համագործակցութիւնը եւ միջազգային համաձայնագրերու օգտագործումը գնահատած է տարրեր, որոնք պիտի օգնեն Թեհրանին յաղթահարելու տնտեսական մարտահրաւէրները եւ չէզոքացնելու պատժամիջոցները:

Ապաշրջափակման մասին՝ Հայաստանի կեցուածքը

Ազերպայճանէն Նախիջեւան տարանցիկ երթուղիի մասին Հայաստանի կեցուածքինն առնչութեամբ՝ Փաշինեան յիշեցուցած է կառավարութեան նախաձեռնած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը, որ ըստ իրեն՝ կը վերաբերի տարածաշրջանի բոլոր երթեւեկութեան կապուղիներու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման:

Վերջերս վարչապետը յայտնած էր, թէ Երեւան Պաքուի առաջարկ ներկայացուցած է այս խնդրին լուծման համար, որու առաջին փուլը կ՚ընդգրկէ երկաթուղային բեռնափոխադրումներու իրականացման հարցը:

“Անշուշտ, մենք կը կարծենք, որ այդ խնդիրը պէտք է լուծուի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան, իրաւազօրութեան եւ ինքնիշխանութեան յարգումով: Եւ այն լուծումը, որ մենք առաջարկած ենք, կը կարծենք՝ լիիրաւ կը բաւարարէ այս պայմանը”,– ըսած է ան:

“Այն պայմանները, որ Իրանի կ՚առաջարկէ Ազերպայճանին, նոյնը Հայաստանն ալ պատրաստ է առաջարկելու։ Անշուշտ՝ հաշուի առնելով առանձնայատկութիւնը, որ տուեալ պարագային ոչ միայն Ազերպայճանէն Հայաստանի տարածքով Ազերպայճան, այլեւ Հայաստանէն Ազերպայճանի տարածքով Նախիջեւան երկաթուղային բեռնափոխադրումներու մասին է”,– աւելցուցած է վարչապետը: