Ապրիլ 9-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին տեղեկացուցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի միջնորդութեամբ Ազէրպայճանի նախագահ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքներուն մասին:
Զրուցակիցները ընդգծած են Ազէրպայճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման եւ սահմանազատման աշխատանքներու սկսման վերաբերեալ համաձայնութիւններու կարեւորութիւնը: Ռուսաստանի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու նշեալ գործընթացներուն:
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատւութեան գօտիէն ներս ազէրպայճանական զինեալ ուժերու ներխուժման հարցին: Վարչապետ Փաշինեան յայտնած է, թէ հայկական կողմը կ՚ակնկալէ ռուս խաղաղապահներու կողմէ անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկում՝ ներխուժած ազէրպայճանական ուժերու հեռացումը ապահովելու համար:
Երկու երկիրներու ղեկավարները համաձայնած են այս հարցերը մանրամասնօրէն քննարկել՝ Ապրիլ 19-ին վարչապետ Փաշինեանի Ռուսաստան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան ընթացքին։
Նշենք, թէ նոյն օրը նախագահ Փութին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է նաեւ Ազէրպայճանի նախագահ Ալիեւի հետ, քննարկելով Պրիւսէլեան հանդիպման մանրամասնութիւնները։