Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան Մայիս 28-ի իր ուղերձին. «Պատերազմ պիտի չըլլայ, պիտի ըլլայ խաղաղութիւն»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը՝ Մայիս 28-ի Հանրապետութեան տօնին առթիւ

Սարդարապատի յուշահամալիր, Մայիս 28

Հանրապետութեան տօնին առթիւ Սարդարապատի յուշահամալիրէն իր ուղերձին մէջ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, թէ Հայաստան մուտք կը գործէ նոր պատմական փուլ՝ խաղաղութեան, կայունութեան եւ պետականութեան ամրապնդման ուղիով։

«Մենք յաղթահարած ենք կորուստներու պատմութեան շրջանը եւ թեւակոխած ենք ձեռքբերումներու պատմութեան խոստմնալից դարաշրջան մը: Յոռետեսութիւնն ու յուսահատութիւնը այլեւս Հայաստանի ուղեկիցներ չեն: Խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան երկարաժամկէտ ուղեկիցներ, պատերազմ պիտի չըլլայ, պիտի ըլլայ խաղաղութիւն», – ըսած է վարչապետը։

Նա շեշտած է, թէ Երրորդ Հանրապետութեան յետահայեաց վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ պետականութեան նկատմամբ քամահրանքը, ինքնիշխանութենէ ու ինքնուրոյնութենէ մեր վախերը տակաւին լիարժէքօրէն յաղթահարուած չեն։

Սարդարապատ

Վարչապետի խօսքով՝ հայ ժողովուրդը մինչեւ այսօր կը շարունակէ պատմութիւնն ու աշխարհը ընկալել այն բանաձեւերով, զորս սերմանած է ԽՍՀՄ կայսերական քարոզչութիւնը։

«Մեր պետութեան եւ ինքնութեան յարատեւութիւնը ապահովելու համար առաջին հերթին սա պէտք է յաղթահարել, որուն շնորհիւ պիտի կարենանք յաղթահարել եւ մարսել քանի մը առանցքային իրողութիւն», – նշած է ան՝ թուարկելով անոնցմէ մի քանին։

«Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման պայմանագրին նախագիծը համաձայնութեան արժանացած է, եւ այդ առումով բանակցութիւնները աւարտած են։ Այժմ մենք Ազերպայճանի հետ երկկողմանի խորհրդակցութիւններու մէջ ենք՝ համաձայնագրի ստորագրութեան թուականին ու հանգամանքներուն շուրջ համաձայնութեան յանգելու համար», – աւելցուցած է վարչապետը։

Նա նշել է նաեւ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կայ աշխուժ երկխօսութիւն, Իրանի հետ յարաբերութիւնները աննախադէպ բարձր մակարդակի վրայ են, իսկ Վրաստանի հետ ձեւաւորուած է ռազմավարական գործընկերութիւն։

«Մեր ինքնութիւնը մեր պետութիւնն է, մեր պետութիւնն է մեր ինքնութիւնը: 29 հազար 743 քառակուսի քիլոմեթր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքով Հայաստանը մեր ժողովուրդին ոչ թէ կորուստներու, այլ ձեռքբերումներու արտայայտութիւնն է, մեր ժողովուրդը այլեւս հայրենիք փնտռելու կարիք չունի», – եզրակացուցած է վարչապետը։

Վարչապետ Փաշինեան