Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ նորոգման ճանապարհային քարտէս՝ Կտրիճ Ներսիսեանի հեռացումէն ետք։ Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին գրած է Նիկոլ Փաշինեան։
Ան, մասնաւորապէս, նշած է.
«1․ Կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւն՝ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ մէջ առկայ գործիքակազմերու տրամաբանութեամբ։
2․ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Կանոնագիրքի ընդունում. Կանոնագիրը պէտք է անդրադառնայ՝
ա) Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ հոգեւորականի բարեվարքութեան կանոններուն եւ ատոնց ապահովման երաշխիքներուն,
բ) Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ ֆինանսական թափանցիկութեան եւ ատոր ապահովման երաշխիքներուն,
գ) Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ ապաքաղաքական ըլլալու անհրաժեշտութեան եւ ատոր ապահովման երաշխիքներուն,
դ) Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ գործունէութեան համապատասխանելիութեան՝ ՀՀ Հարկային օրէնսդրութեան եւ ատոր ապահովման երաշխիքներուն. ՀՀ օրէնսդրութիւնը իր կարգին պիտի նախատեսէ երաշխիքներ, որ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ գործունէութենէն գոյացած եւ պետական պիւտճէ վճարուած հարկերն ու տուրքերը ամբողջութեամբ վերադարձուին Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ,
ե) հոգեւոր ծառայողներու ընկերային երաշխիքներուն եւ ատոնց ապահովման երաշխիքներուն այնպէս, որ հոգեւոր ծառայողները կուտակային կենսաթոշակային համակարգէն, եկամտային հարկի վերադարձէն, ընկերային վարկերէն, առողջապահութեան համընդհանուր ապահովագրութենէն լիարժէք օգտուելու կարելիութիւն ստանան (ներկայիս հոգեւոր ծառայողները հիմնականօրէն չեն օգտուիր այդ համակարգերէն՝ վարձատրութեան արձանագրուած համակարգ չունենալու պատճառով)։
3․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութիւններ՝ համաձայն նոր Կանոնագիրքի։
Յ․Գ․ Կանոնագիրը կը քննարկուի եւ կ՚ընդունուի նման իրաւասութիւն ունեցող եկեղեցական մարմին կողմէ։ Տեղապահի դիմումին պարագային, Կառավարութիւնը խորհրդատուական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Կանոնագիրքի նախագիծի մշակման աշխատանքներուն»։