Փաշինեան. «Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը մեր առաջնահերթութիւնը չէ»

Հայկական կողմի պաշտօնական հրաւէրով Հայաստան ժամանած խումբ մը թուրք լրագրողներու հետ հանդիպումին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին՝ յատկապէս նշելով․ «Մեր պաշտօնական դիրքորոշումն այն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը այսօր չի գտնուիր մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին»։

Այս մասին կը հաղորդէ  www.akunq.net՝ վկայակոչելով թրքական լրասփիւռները։

Աղբիւրին համաձայն՝ Փաշինեան նաեւ յայտարարած է․ “Ես թէ՛ Հայաստանի մէջ ելոյթ ունենալու ատեն եւ թէ՛ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն հետ զրոյցներուն ընդգծած եմ պատմութեան եւ ներկայի միջեւ տարբերութիւն դնելու անհրաժեշտութիան մասին։ Մենք չենք կրնար պատմութիւնն ու ներկան նոյն կերպ ընկալել, քանի որ ներկան ներկայ է, իսկ պատմութիւնը՝ անցեալ”։

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին անդրադառնալով՝ վարչապետը ըսած է, թէ երբ անցեալի հետ կը բաղդատենք՝ ներկայիս երկու կողմերու միջեւ ընթացող երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը, կը նկատենք որ նշանակալի զարգացում եւ յառաջընթաց արձանագրուած է։

“Ես քաղաքական կամք կը տեսնեմ, սակայն կարեւորը այն է, որ այդ կամքը երկու կողմերն ալ շարունակեն դրսեւորել։ Եթէ այդ գործընթացին դիտմամբ փոխադարձ կերպով վնաս չտանք, ապա ըստ իս՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը արդէն միայն ժամանակի հարց կը դառնայ”,– ընդգծած է ան։

Այսպէսով, Փաշինեան թուրք լրագրողներու միջոցով Թուրքիոյ եւ համայն աշխարհին ազդարարած է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացէն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու հրաժարելուն մասին։