Վարչապետը Խաղաղութեան համաժողովին ընդգծեց «Թրամփի ուղի»-ին կարեւորութիւնը եւ մերժեց Պաքուի նախապայմանները
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ աշխատանքային այցով Փարիզ կը գտնուի՝ մասնակցելու համար Խաղաղութեան 8-րդ համաժողովին (Հոկտեմբեր 29-30), կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ տարածաշրջանային զարգացումներուն մասին։ «Առաջնորդութեան խաչմերուկներուն» խորագրով քննարկման ընթացքին,– զոր կը վարէր ֆրանսահայ ծանօթ քաղաքագէտ, դասախօս Կայծ Մինասեան,– Փաշինեան յայտնեց, որ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստան—Ազերպայճան խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումէն ետք, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները դրական ընթացք ստացած են։ Անոր համաձայն, սահմաններու բացումը եւ դիւանագիտական կապերու հաստատումը «ընդամէնը ժամանակի հարց են», քանի որ «էական խոչընդոտ չկայ»։
Անդրադառնալով Ազերպայճանի՝ ՀՀ Սահմանադրութիւնը փոխելու նախապայմանին, վարչապետը զայն քննարկելի օրակարգ չհամարեց։ Ան ընդգծեց, որ նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրը արդէն իսկ կ‘անդրադառնայ բոլոր մտահոգիչ հարցերուն, եւ այդ զանոնք վերջնականապէս փակելու համար հարկ է պարզապէս ստորագրել եւ վաւերացնել համաձայնագիրը։
Վարչապետը նաեւ շեշտը դրաւ «Թրամփի ուղի» (TRIPP) ծրագրին վրայ՝ զայն նկատելով միջազգային առեւտուրի համար «իրավիճակ փոխող» կարեւոր հանգոյց մը, որ կը կապէ Արեւելքն ու Արեւմուտքը։
Այնուհետեւ, վարչապետը մասնակցեցաւ համաժողովի լիագումար նիստին։
Այցելութեան շրջանակին մէջ, Փաշինեան Էլիզէի պալատին մէջ մասնակցեցաւ նաեւ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի տուած ընթրիքին՝ ի պատիւ համաժողովի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներուն։
***
Փարիզի խաղաղութեան 8-րդ համաժողովը տեղի կ՚ունենայ «Նոր համակեցութիւններ (coalitions)՝ յանուն խաղաղութեան, մարդոց եւ մոլորակին» խորագրով:
Հոկտեմբեր 29-30 Շայոյի պալատին մէջ ընթացող համաժողովին կu քննարկուին աշխարհաքաղաքական լարուածութեան, հակամարտութիւններու եւ անոնց կարգաւորման ուղիներուն, արհեստագիտութիւններու, տնտեսական եւ ընկերային զարգացման, կենսոլորտի, շրջակայ միջավայրի պահպանման եւ օգտակար հանածոներու վերաբերեալ բնաբաններու: