Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, Յունուար 21-ին հեռաձայնային զրոյց տեղի ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ։
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ կողմերը դիտարկած են Հայաստանի, Ազէրպայճանի եւ Ռուսաստանի առաջնորդներուն միջեւ 2020 Նոյեմբեր 9-ին, 2021 Յունուար 11-ին եւ Նոյեմբեր 26-ին ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու իրագործման ընթացքը, այդ կարգին՝ հայ-ազէրպայճանական սահմանազատման եւ սահմանագծման առնչուող հարցերը։
Ընդգծուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն կողմէ տարուող աշխատանքի շարունակութեան կարեւորութիւնը:
ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի ընթացիկ նախագահութեամբ պայմանաւորուած՝ քննարկուած են ՀԱՊԿ-ի շրջանակին մէջ հետագայ համագործակցութեան հեռանկարները:
Փաշինեանի խնդրանքով՝ Ռուսաստանի նախագահը տեղեկացուցած է ԱՄՆ-ու և անոր դաշնակիցներուն հետ անվտանգութեան երաշխիքներու հարցով բանակցութիւններու ընթացքին մասին։