Փաստաբան Ֆրանսուա Տէվէճեան «X» ընկերային ցանցի էջին հրապարակած գրառումով կը քննադատէ Ֆութպոլի եւրոպական դաշնակցութիւնը՝ UEFA-ն՝ Champions League մրցաշարքին «Ղարաբաղ» (FK Qarabagh) ֆութպոլի ակումբին մասնակցութեան առնչութեամբ։
«Ո՛չ մէկ գայթակղութենէ ետ կանգնող եւ միշտ շահութաբեր նախաձեռնութիւններու ագահ՝ UEFA Champions League-ը Ալիեւի բռնատիրութեան “սպիտակացման” (whitewashing) քաղաքականութեան նոր միջոցն է»,– կը գրէ Տէվէճեան։
Ան կը շեշտէ. «FK Qarabagh-ը հիմնուած է Պաքուի մէջ, բնա՛ւ կապ չունի եւ երբեք չէ ունեցած Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) հետ, որ Ազերպայճանի կողմէ գրաւուեցաւ՝ իր բնիկ հայ բնակիչներուն ցեղային զտումէն ետք»։
Փաստաբանը իր խօսքը կ՚եզրափակէ՝ տարակուսանք յայտնելով ակումբին մարզական յաջողութիւններուն նկատմամբ. «Եւ հուսկ, կը զարմանանք այս ակումբին մարզական արդիւնքներով. անոնք իսկական մարտահրաւէր կը յղեն բոլոր կանխատեսումներուն ու վիճակագրութիւններուն։ Արդեօք “Խաւիարի դիւանագիտութիւնը” մարզական բնագաւառին մէ՞ջ ալ կրնայ հրաշքներ գործել»։