Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փարաջանովի ցուցահանդէսին բացումը՝ Մոն տը Մարսանի «Երազ» փառատօնի ծիրին մէջ

Մոն տը Մարսանի «Երազ» փառատօնի ծիրին մէջ, Մարտ 22-ին բացումը կատարուած է Սերկէյ Փարաջանովի «Այլեւս միայն երազելու իրաւունքը ունիմ» (« Je n’ai plus que le droit de rêver ») խորագրեալ ցուցահանդէսին, որ յառաջիկայ երեք ամիսներու ընթացքին մեծ բեմադիրին արուեստը պիտի ներկայացնէ ոչ միայն Ֆրանսացիներուն, այլ նաեւ աշխարհի տարբեր ծայրերէն Մոն տը Մարսան ժամանող օտարազգի այցելուներուն։

Ցուցահանդէսին գաղափարը  ծնունդ առած է շուրջ մէկ տարի տեւած հայ-ֆրանսական սերտ համագործակցութեան շնորհիւ, որ ժամանակի ընթացքին վերածուած է ջերմ բարեկամութեան՝ Փարաջանովի եւ Despiau-Wlérick թանգարաններուն միջեւ։ ■