«Ֆրանսայի օրերը Հայաստանի մէջ» ֆրանսախօսութեան ձեռնարկներու շարքին, Ապրիլ 10-ին կազմակերպուած է «Փարիզեան երազանք» (Rêverie Parisienne) խորագիրը կրող համերգ-բանախօսութիւնը, «Կոմիտաս» թարգարան-հիմնարկի երդիքին տակ։
Երաժշտագէտ Անի Մուշեղեան ներկայացուցած է ֆրանսացի յօրինողներ՝ Գլօտ Տըպիւսիի եւ Ֆրանսիս Փուլենի (Poulenc) երաժշտական խճանկարին մէջ Կոմիտասի դերն ու նշանակութիւնը։
Երեկոյթի ընթացքին դաշնակահարուհի Թերեզա Մարկոսեանի կատարողութեամբ հնչած են Տըպիւսիի եւ Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ։
«Երեւանի ձայներ» իգական սեռի երգչախումբը՝ Յասմիկ Վարդանեանի ղեկավարութեամբ ունկնդիրներուն հրամցուցած է Ֆրանսիս Փուլենի խմբերգային գործերէն փունջ մը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։