ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ԱՆԹՈՆԻ – Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած պաշտօնական արարողութիւն

Ապրիլ 11-ին, Փարիզեան շրջան Անթոնի քաղաքի հանրապարտէզին մէջ զետեղուած նշանաւոր քանդակագործ Թորոս Ռասթկելենեանի բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող «Հայաստանի արծիւ» յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած պաշտօնական արարողութիւնը։

Արարողութեան ներկայ էին եւ յուշակոթողին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Ֆրանսայի Ծերակոյտի փոխնախագահ Փիէր Ուզուլիաս, ծերակուտական Հերվէ Մարսէյ, Շաթընէ-Մալապրիի, Սօի, Պուռ-լա-Ռէնի քաղաքապետերը, նահանգապետական եւ քաղաքային խորհուրդներու անդամներ, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, ֆրանսահայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ֆրանսահայեր եւ ֆրանսացիներ։

Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան իր ելոյթին ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ժխտողականութեան եւ անպատժելիութեան դատապարտման անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ այլ յանցագործութիւններու արգիլման կարեւոր գործօն։ Ան նշեց, թէ ցաւօք, 21-րդ դարուն եւս հայ ժողովուրդը կը շարունակէ բախիլ գոյաբանական մարտահրաւէրներու, անդրադառնալով Արցախի հայ բնակչութեան դէմ իրագործուած ցեղային զտման արարքներուն։

Հայաստանի դեսպանը յատկապէս յիշատակեց ֆրանսահայ յայտնի քաղաքական գործիչ, փաստաբան եւ նախկին նախարար Փաթրիք Տէվէճեանի անգնահատելի ներդրումը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ։

“Սեփական պատմութեամբ՝ գիտակցելով մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ամբողջ ողբերգութիւնը, Հայաստան այսօր դարձած է ցեղասպանութիւններու արգիլման օրակարգի առաջամարտիկներէն՝ աշխուժօրէն ներգրաւուելով միջազգային հարթակներու վրայ գործադրուող ճիգերու համակարգման աշխատանքներուն մէջ”,– շեշտեց դեսպանը։

Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ քանդակագործ Թորոսի եւ Փաթրիք Տէվէճեանի այրիները, տեղւոյն «ֆրանքեւհայկական ակումբ»-ի նախագահ Ուիսսամ Նեհմէ, Անթոնիի քաղաքապետ Ժան-Իվ Սենան, Հօ-տը-Սէն նահանգի նախագահը եւ այլ պաշտօնատարներ։

Աւարտին մասնակիցները ուղղուեցան ոչ-հեռու գտնուող «Փաթրիք Տէվէճեան» սրահը, ուր ընդունելութիւն մը կազմակերպուած էր։