ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – Իսի-լէ-Մուլինօ – Պատմական օր մը գաղութիս կեանքին մէջ

Ձախէն՝ Իմաստուններու խորհուրդի անդամ Լեւոն Պաղտասարեան, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, Իմաստուններու խորհուրդի անդամ Հրաչ Սիսեռեան, անոր ետին՝ Իսի−լէ−Մուլինոյի փոխքաղաքապետ Յարութ (Արթիւր) Խանճեան կը կտրեն ժապաւէնը

Մեծ շուքով ու տպաւորիչ արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի մշակութային ու մարզական կեդրոնին

Երկար տա­րինե­րու, չը­սելու հա­մար տաս­նա­մեակ­նե­րու, երազ մը իրա­կանա­ցաւ Նո­յեմ­բեր 22-ին, փա­րիզեան հա­յաշատ արուար­ձաննե­րէն ԻսիլէՄու­լի­նոյի մէջ բա­ցու­մո­վը ՀՄԸՄի մշա­կու­թա­յին ու մար­զա­կան պատ­կա­ռելի կեդ­րո­նին։

Բաց­ման շքեղ ու տպա­ւորիչ արա­րողու­թեան ներ­կայ էր հոծ բազ­մութիւնմը։

Ժա­պաւէ­նին կտրուելէն եւ Թե­միս առաջ­նորդ Գրի­գոր եպիսկ. Խա­չատ­րեա­նի ձե­ռամբ կատարուած օրհնու­թեան կար­գէն ետք ծայր առաւ հան­դի­սու­թիւնը։

Գրիգոր եպիսկ. Խաչատրեան կ՚օրհնէ կեդրոնը

Այս բա­ցառիկ իրա­դար­ձութիւ­նը, որ կը զու­գա­դիպի ՀՄԸՄՖրանսի վերակազմաւորման 50-ամեակին, բո­լորո­վին նոր հո­րիզոն մը կը բա­նայ հա­մայնքիս, յա՛տկա­պէս ԻսիլէՄու­լի­նոյի շրջա­կայ­քը հաս­տա­տուած հա­յու­թեան ու նա՛մա­նաւանդ ալ մատ­ղաշ սե­րունդին առ­ջեւ, քա­նի որ նո­րակա­ռոյց հա­մալի­րը մշա­կու­թա­յինէն՝ մար­զա­կան, բազ­մա­զան գոր­ծունէու­թիւննե­րու հա­մար նոր եւ իւրայատուկ բոյն մը պի­տի հան­դի­սանայ, ուր հա­յոր­դի­ներ պի­տի կա­րենան քովքո­վի գալ իրենց մտա­ւորա­կան ու ֆի­զիքա­կան զար­գացման հա­մար աւե­լի քան պատ­շաճ պայ­մաննե­րու մէջ, այլ խօս­քով՝ պի­տի կա­րենան բարձրա­նալ ու բարձրաց­նել, հա­ւատա­րիմ՝ ՀՄԸՄի կար­գա­խօսին։

Ման­րա­մաս­նօ­րէն կ՚անդրա­դառ­նանք յա­ջորդիւ։

Տեսանիւթ՝ https://youtu.be/whdTpLOlR2I